Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Օսմանեան կայսրութեան մէջ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդներու սերունդները Գերմանիոյ մէջ կազմակերպութիւն մը ստեղծած են` «ՀՀԱԴԵՔԱ» անունով: NEWS.am-ի փոխանցմամբ` այս մասին Հոկտեմբեր 31-ին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտնած է Գերմանիոյ հայ ակադեմիկոսներու միութեան նախագահ Ազատ Օրտուխանեան, որ նաեւ նորաստեղծ կազմակերպութեան փոխնախագահն է:
Անոր խօսքով, կազմակերպութեան անուանումը պայմանաւորուած է այդ ժողովուրդներու անուններով ` հայեր, յոյներ, ասորիներ, տերսիմցիներ (զազաներ – ArmenianGenocide100.org), եզտիներ, քիւրտեր, ու ալեւիներ: Ըստ Ազատ Օրտուխանեանի ` կազմակերպութեան գործունէութեան նպատակը պիտի ըլլայ բոլոր ցեղապանութիւններու ճանաչումն ու այդ ժողովուրդներու պատմական եւ մշակութային իրաւունքներու վերականգնումը:
«Նախագահ ընտրուած է մեր ընկերը ` Պոնտոսի յոյներու կեդրոնական վարչութեան փոխնախագահ Իլիաս Մաւրիկասը: Մենք մէկ ընտանիքի նման կրցած ենք հասկնալ զիրար ու միաւորուիլ: Կը կարծեմ, որ կազմակերպութիւնը դեռ կը նշանաւորուի իր գործերով»,- շեշտած է ան: Մօտ օրերս, աւելցուցած է Ազատ Օրդուխանեան, կազմակերպութիւնը պիտի աձանագրուի Քէոլնի առաջին ատեանի դատարանին մէջ: