Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Միացեալ Նահանգներու Հանրային հարցերու հրէական խորհուրդը (Jewish Council for Public Affairs) կոչ ըրած է Ուաշինկթընի իշխանութիւններուն, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին թուրքերու կողմէ կատարուած հայերուն կոտորածները ճանչնան իբրեւ ցեղասպանութիւն։ Յատկանշական է, որ խորհուրդը տարիներ շարունակ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցէն նրբօրէն խուսափիլ փորձած է:

Հրէական խորհուրդը անցեալ շաբթուան իր տարեկան ժողովին ընթացքին նաեւ կոչ ըրած է հրէական կազմակերպութիւններուն՝ Քոնկրեսի եւ Սպիտակ տան շրջանակներուն մէջ աշխատանք տանելու, որպէսզի անոնք պաշտօնապէս ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Խորհուրդի խօսնակը Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21ին հաստատեց, որ բանաձեւը խորհուրդին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու առաջին փաստն է:

Շարք մը հրէական կազմակերպութիւններ մինչեւ վերջերս դէմ եղած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին՝ տարածաշրջանին մէջ Իսրայէլի կարեւոր դաշնակից նկատուող Թուրքիան չնեղացնելու համար: