Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Արժանթինի Միսիոնես նահանգի Ներկայացուցիչներու պալատը ընդունած է օրէնք` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան:
Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ «Արմենիա» լրատուական գործակալութիւնը կը փոխանցէ, որ նոր օրէնքը իր դրոյթներով հաւատարիմ մնացած է դեռ 2006 թուականին Արժանթինի մէջ ընդունուած 26,199 ազգային օրէնքին, որ Ապրիլ 24-ը կը սահմանէ որպէս «Հանդուրժողականութեան եւ մարդոց միջեւ յարգանքի օր»:
26,199 օրէնքը կը գրոծէ Արժանթինի եւս 15 նահանգի մէջ` Պուենոս Այրես, Քատամարկա, Չաքօ, Չուպութ, Քորդովայ, Կորիենտես, Խուխույ, Լա Պամպայ, Նէուկեն, Ռիօ Նեգրօ, Սան Խուան, Սանթա Քրուս, Սանթա Ֆէ, Սանթիակօ Տել Էսթերօ եւ Թիերա տել Ֆուեգօ (Հրօ երկիր):