Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com

 

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութենէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ Սպանիոյ Վալենսիա մարզին մէջ գտնուող Սիյա քաղաքը 29 սեպտեմբերին տեղի ունեցած քաղաքային խորհուրդի նիստին ընթացքին պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Բանաձեւը ներկայացուած է Ձախ միութեան բանբեր Վալենթին Մաթէոյի կողմէ, որ իր խօսքին մէջ հակիրճ կերպով ներկայացուցած է 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան դրդապատճառներն ու հետեւանքները զայն պաշտօնապէս ճանչնալու եւ դատապարտելու անհրաժեշտութիւնը: Քաղաքային խորհուրդը ներկայացնող վեց կուսակցութիւնները միաձայնութեամբ թեր քուէարկած են Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործուած ոճիրը ցեղասպանութիւն որակելու վերաբերեալ բանաձեւին: