Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org
Շաբաթ՝ 26 Սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Ն.Վ. Սերժ Սարգիսեանի հրաւէրով ու նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնաժողովին հանդիպումը։ Սոյն ժողովի ընթացքին կատարուեց 100-ամեակի արժեւորումը, ինչպէս նաեւ ճշդուեցին հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերատիրացման գծով կատարուելիք յառաջիկայ աշխատանքները։ Յիշեալ ժողովին Վեհափառ Հայրապետին պատգամը ընթերցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։
Կիրակի՝ 27 Սեպտեմբերին, Ս. Էջմիածնի մէջ տեղի պիտի ունենայ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ։ Սոյն արարողութեան յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին պիտի մասնակցին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հրաւիրուած էր անձամբ մասնակից դառնալու թէ՛ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան եւ թէ 100-ամեակի յանձնաժողովի հանդիպումին, սակայն, որպէս պատգամաբեր հրաւիրուած ըլլալով Զուիցերիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդին կողմէ 100-ամեակին առիթով կազմակերպուելիք շարք մը ձեռնարկներու, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ ունենալու Զուիցերիոյ պետական ու միջ-եկեղեցական անձնաւորութիւններու հետ, անձնապէս ներկայ պիտի չկարենայ գտնուիլ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան եւ 100-ամեակի յանձնաժողովի հանդիպումին։