Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Պուէնոս Այրեսի «Սիրանոյշ» կեդրոնին մէջ պատմաբան Ռիչըրտ Յովհաննէսեան դասախօսութիւն մը տուաւ տարբեր համալսարաններու պատմութեան բաժանմունքի ուսանողներու, որոնք հետաքրքրուած են ցեղասպանութիւններու նիւթով։ Այս մասին կը հաղորդէ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթը։

Ռիչըրտ Յովհաննէսեան ուսանողներուն ներկայացուց հայերու կեանքն ու գործունէութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ մինչեւ 1915, խօսեցաւ Ցեղասպանութեան պատճառներուն եւ հետեւանքներու վերացման անհրաժեշտութեան մասին:

Պատմաբանը նաեւ վիճակագրական տուեալներ ներկայացուց մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութիւն եւ անկէ ետք Թուրքիոյ մէջ հայերու թիւին վերաբերեալ:

Դասախօսութեան աւարտին ուսանողները դիտեցին վաւերագրական ֆիլմեր Կայսերի, Կապադովկիա եւ Համշէն ապրող հայերու մասին: