Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com

 

«Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան» 12-րդ գիտաժողովը սկսած է Հայաստանի մէջ: Գիտաժողովը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ եւ Համաշխարհային Բ. պատերազմին ու Ողջակիզումի 70-րդ տարելիցներուն: Բացումին ներկայ եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:

«20-րդ դարու ցեղասպանութիւնների համեմատական վերլուծութիւն» խորագիրը կրող համաժողովը պիտի շարունակուի մինչեւ 12 յուլիս: Այս տարի «Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան» 12-րդ համաժողովին կը մասնակցին ցեղասպանագիտութեան եւ յարակից մարզերուն մէջ շուրջ 180 մասնագէտներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ: 12-րդ գիտաժողովը Հայաստանի մէջ կազմակերպած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը:

1997-ին  «Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութիւնը» ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, իսկ 2010-ին ստացած է Հայաստանի նախագահի ` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ նշանակալի աւանդին  համար շնորհուող մրցանակը: Ընկերակցութեան նպատակն է հետազօտել եւ ուսուցանել աշխարհին մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւններուն պատճառները` կանխարգիլելու համար նորերը: