Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութեանց պատճառով շուքի մէջ մնացած էր Պրազիլի Ծերակոյտին կողմէ անցեալ շաբաթ վաւերացուած այն բանաձեւը, որ պաշտօնապէս կը ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ կոչ կ՛ընէր, որ Թուրքիա առերեսուի իր անցեալին հետ։

Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի գործընթացէն ներս Մարտ եւ Ապրիլ ամիսներուն, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու պատճառով, ետ կանչուած էին Վատիկանի, Աւստրիոյ եւ Լիւքսեմպուրկի դեսպանները, իսկ Յունիս 8ի երեկոյեան, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ Պրազիլի դեսպանը եւս տուն կանչուած է «խորհրդակցութիւններու համար»։ Նախարարութիւնը միաժամանակ դատապարտեց բանաձեւին վաւերացումը։

Պրազիլի դաշնակցային Ծերակոյտը Յունիս 2ին վաւերացուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 550/2015 բանաձեւը, որ ներկայացուած էր ծերակուտականներ Ալիոզիօ Նունեզ Ֆերէյրա Ֆիլոյի եւ Հոզէ Սերայի կողմէ։