Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Պրազիլի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Գէորգ Զատիկեան յայտարարած է, թէ սխալ են այն տեղեկութիւնները, թէ Պրազիլի դաշնակցային Ծերկոյտը վաւերացուցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ, ինչպէս յայտարարած էին Հայաստանի պատկան մարմինները։ Զատիկեան տեղեկացուց, որ Ծերակոյտը միայն ցաւակցութիւն յայտնած է, իսկ ճանաչման բանաձեւի մը վաւերացումը կ՛ենթադրէ քանի մը փուլերէ բաղկացած գործընթաց, որ այս պարագային տեղի չէ ունեցած:

«Մենք առաջին փուլին մէջ ենք, ի՞նչ վաւերացման մասին է խօսքը: Չեմ գիտեր, թէ ինչպէ՞ս այս լուրը տարածուած է: Մենք բաւական աշխատանք տարած ենք մեր քոյր կազմակերպութիւններուն հետ: Ամօթ է, որ լուրը սխալ ձեւով տարածուեցաւ», ըսած է Զատիկեան:

Ան տեղեկացուց, որ Պրազիլի Ծերակոյտի երկու անդամներ՝ Ժոզէ Խիերերա եւ Ալուիս Ռոնուիս, դիմում ներակայացուցած են, որ ցաւակցական բանաձեւ մը վաւերացնեն, որմէ ետք կարելի պիտի ըլլայ կազմակերպել ճանաչման բանաձեւի վաւերացումը: «Երբ բանաձեւը պատրաստ ըլլայ, պէտք է երկու անգամ Ծերակոյտի քուերակութեան դրուի, որմէ ետք պիտի հասնի արտաքին գործոց նախարարութեան ու ապա երկիրի նախագահին, որ ան ստորագրէ օրէնքը, եւ միայն անկէ ետք օրէնքը ի զօրու կը դառնայ», պարզաբանած է Զատիկեան:

«Երկիր»ը կապ հաստատած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեանի հետ՝ այս առնչութեամբ պարզաբանում ստանալու նկատառումով: Բալայեան, լսելով «Երկիր»ի հարցումը, անմիջապէս ըսած է, որ ինչ նշուած է նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ, ի զօրու կը մնայ: «Մենք որեւէ բան չենք փոխելու», պնդած է ան։

Նախարարութեան կայքին վրայ գրուած է. «ՀՀ արտգործնախարար Էդուարդ Նալբանդեանը Բրազիլիայի դաշնային սենատի կողմից Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ յայտարարութիւն է տարածել, որում ասւում է. «Շարունակւում է Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման անշրջելի գործընթացը: Հայաստանը ողջունում է Բրազիլիայի Դաշնային Հանրապետութեան Դաշնային սենատի (Ծերակոյտ) կողմից Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ բանաձեւի ընդունումը: Այս բանաձեւի ընդունմամբ, Բրազիլիան նշանակալից քայլ կատարեց՝ ի նպաստ ցեղասպանութիւնների եւ մարդկութեան դէմ նոր յանցագործութիւնների կանխարգելմանն ուղղուած միջազգային հանրութեան ջանքերին»:

«Երկիր» կ՛եզրակացնէ. «ԱԳՆի նման պահուածքն անհասկանալի է»: