Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները, որոնք հեռարձակուած են աշխարհի հեղինակաւոր հեռուստաընկերութիւններու կողմէ, հասու դարձած են 1 միլիառ 250 միլիոն մարդու: «Մարդիկ, ովքեր չգիտէին Հայաստանի տեղը, ծանօթ չէին Ցեղասպանութեան թեմային, այսօր գրում են, զանգում, էլեկտրոնային փոստով են կապւում, եւ շնորհակալութիւն են յայտնում իրազեկման աստիճանը բարձրացնելու, ցեղասպանութեան յանցագործութեան դէմ պայքարի գործում փոքր Հայաստանի մեծ ներդրման համար»,- «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ` տեղեկացուցած է ՀՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար, Հայոց ցեղասպանութեան 100-դ տարելիցի ձեռնարկներու գլխաւոր համակարգող Վիգէն Սարգսեանը Բիւրականի մէջ ձեռնարկներուն կամաւորներուն շնորհակալագրեր յանձնելու արարողութեան ժամանակ: Ան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն ժամանակ կամաւորական աշխատանքներ կատարած երիտասարդներուն յայտնեց, որ ատիկա նաեւ իրենց աշխատանքի արդիւնքն է:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս Ապրիլ 21-24-ը Հայաստանի եւ աշխարհի մէջ իրականացուեցան քաղաքական, մշակութային, կրթական, գիտական ձեռնարկներ, որոնք շեշտեցին մարդկութեան դէմ ուղղուած ոճրագործութեան` Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտման կարեւորութիւնը: Ապրիլ 21-ին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի նոր ցուցադրութեան պաշտօնական եւ հանդիսաւոր բացումը: Ապրիլ 22-23-ին Երեւանի մէջ հանդիպեցան աշխարհի տարբեր երկիրներէ 600 պատուիրակներ ` մասնակցելու «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» միջազգային ժողովին: Ապրիլ 23-ին համայն հայութեան սրբավայր Մայր Աթոռի մէջ իրականցուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան` հաւատքի ու հայրենիքի համար նահատակուած զոհերու սրբադասման կարգը, նոյն օրը երեկոյեան Հանրապետութեան հրապարկին վրայ «Արթնցուցէք հոգիները» համերգաշարով հանդէս եկաւ աշխարհահռչակ System of a down ռոք խումբը: Ապրիլ 24-ին Ծիծեռնակարբերդի բարձունքին «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» խորագիրով արարողութեան մասնակցեցան 60 երկիրներու պատուիրակութիւնները, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Սերպիոյ ու Կիպրոսի նախագահները: Այդ օրը երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Վերածնունդ» դասական համերգը, ինչպէս նաեւ աւանդական դարձած ջահերով երթը դէպի Ծիծեռնակաբերդ: