Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Միացեալ Նահանգներու մէջ Հովուապետական այցելութեան առընթեր, մօտէն կը հետեւի Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի գծով Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ բացած դատին:
Այս շրջագիծէն ներս Նորին Սրբութիւնը Ուաշինկթընի մէջ աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ դատի յանձնախումբի անդամներէն Դոկտ. Թաներ Աքչամին հետ: Թաներ Աքչամ դրական արժեւորումը կատարեց ցարդ կատարուած աշխատանքին: Վեհափառ Հայրապետը ընդգծելով վերջին շաբաթներու ընթացքին տեղի ունեցած զարգացումներուն յատկանշական երեւոյթները, կարեւորութեամբ շեշտեց նոյն թափով աշխատանքները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը: Այս բոլորին լոյսին տակ, որոշուեցաւ Մայիս ամսուան ընթացքին Կաթողիկոսարանի դատին մասին մամլոյ ասուլիս մը կազմակերպել Պոլսոյ մէջ, Թուրքիոյ մէջ Յունիս 7-ին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընդհանուր ընտրութիւններէն առաջ:
Յայտնենք, որ Նորին Սրբութիւնը մնայուն կապի մէջ է դատի յանձնախումբի միւս անդամներուն հետ, եւ մօտէն կը հետեւի միջազգային մամուլի արձագանգներուն ու Թուրքիոյ կողմէ կատարուող հակազդեցութիւններուն: