Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Թրքական «Աքշամ» թերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Հինգշաբթի, Մայիս 7ին, ճաշասեղանի մը շուրջ պիտի համախմբէ Հայկական հարցին մէջ մասնագիտացած պատմաբաններն ու ակադեմականները։ Այս առիթով նախագահը պիտի ընդգծէ այս նիւթին շուրջ պատահածները մանրամասնօրէն քննարկելու ու ծանօթացնելու աշխատանքի մը կարեւորութիւնը։

Նախագահը պատմաբաններէն պիտի պահանջէ, որ անոնք Թուրքիոյ դիրքաւորումն ու «1915ի ճշմարտութիւնները» ամբողջ աշխարհին պատմելու ուղղութեամբ աշխատանք տանին։ Այս առիթով ճաշասեղանի շուրջ պիտի քննարկուին նաեւ Երեւանի հանդիսութիւններուն մասնակիցներուն, ինչպէս նաեւ Ֆրանսիս պապին եւ շարք մը այլ ղեկավարներու հասցէագրուած Թուրքիոյ ազդարարագիրներուն հետեւանքները։