Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Դեռ ուշ չէ, որ աշխարհը վերջապէս ընդունի Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը՝ վկայակոչելով «Ասպարէզ» պարբերականը` այսպիսի կարծիք յայտնած է Տապլինի արքեպիսկոպոս Մայքըլ Ճէոֆրի Ճեքսընը:  «Մենք յոյս ունինք եւ կ'աղօթենք, որ աշխարհը վերջապէս տեսնէ անպատասխան մնացած հարցերուն անդրադառնալու անհրաժեշտութիւնը եւ այն, որ դեռ ուշ չէ ճանչնալու ճշմարտութիւնը,- ըսած է արքեպիսկոպոսը` աւելցնելով,- Ես կը յարգեմ եւ կը հիանամ հայ ժողովրդով»:

Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Տապլինի ծխական խորհուրդը Ապրիլ 26-ին Տապլինի Թանի ծխական եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկ: Արարողութեան մասնակցած են հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու եւ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ, դիւանագէտներ, բազմաթիւ հիւրեր: Արարողութեան Տապլինի եպիսկոպոս Ռայմընտ Ֆիլտը մէջբերած է Հռոմի Ֆրանսիս պապի խօսքերը, որ 1915 թուականին հայերու զանգուածային կոտորածները 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն անուանած է:

Ելոյթներով հանդէս եկած են նաեւ Ուէյլսի անգլիքան եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Փաթրիք Թոմասը, Իրլանտայի հրէական համայնքի պատուոյ նախագահ Լէոնարտ Աբրահամսընը, Միացեալ Թագաւորութեան մէջ ՀՀ դեսպանութեան երրորդ քարտուղար Հայկ Խեմչեանը, որմէ ետք  հայ համայնքի ներկայացուցիչները վառած են Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցի 100 տարիները խորհրդանշող 100 մոմ:

Ձեռնարկը նաեւ լայնօրէն լուսաբանուած է իրլանտական մամուլի մէջ եւ կեդրոնական հեռուստատեսութեան լրատուական թողարկման մէջ: