Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com
Ֆրանչիսկոս պապը Վատիկանի Ս. Մարթայի եկեղեցւոյ մէջ առաւօտեան մատուցած Պատարագի ընթացքին` վերահաստատելով Հայոց ցեղասպանութեան մասին կիրակի օր իր հնչեցուցած խօսքը, հաւատացեալներուն յայտնած է, որ եկեղեցին անկեղծութեան վայր է, ուր մարդիկ պէտք է ազնուօրէն խօսին:
Վատիկանի ձայնասփիւռը կը հաղորդէ, որ Հռոմի եպիսկոպոսապետը աւելցուցած է, որ քրիստոնեաներուն համար չկայ այլ ճամբայ, քան ըսել ճշմարտութիւնը, նոյնիսկ եթէ ատիկա դառն է: «Եկեղեցւոյ ուղին անկեղծութեան ուղին է: Ատիկա կ'ապացուցէ Քրիստոսի յարութենէն ետք սուրբ առաքեալներուն վարած կեանքը: Չկայ այլ ճամբայ, քան ըսել ճշմարտութիւնը, նոյնիսկ` դառնը: Միայն Ս. Հոգին ի վիճակի է փոխելու մեր ամբողջ կեանքը, մեր վերաբերմունքը եւ համարձակութիւն տալու մեզի, ինչպէս որ առաքեալները ոգեշնչուեցան Քրիստոսի յարութեամբ»,- ըսած է պապը:
«Մենք չենք կրնար լռել այն ամէնուն մասին, ինչ որ տեսած եւ լսած ենք»,- ըսած է Ֆրանչիսկոս պապը իր քարոզին մէջ, որուն հետեւած է ընթերցանութիւնը Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալներուն նամակներէն, ուր անոնք Տիրոջմէ կը խնդրեն իրենց ազատ եւ համարձակ խօսելու կարողութիւն շնորհել: