Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Թրքական մամուլը անմիջապէս արձագանգած է Վատիկանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած պատարագի ժամանակ Հռոմի Պապի այն յայտարարութեան, որ 20-րդ դարու սկիզբը հայ ժողովուրդի հանդէպ ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է:
News.am-ի տեղեկացմամբ թրքական Hurriyet-ը գրած է, որ Հռոմի Պապը արտասանեց Թուրքիոյ համար ոչ ցանկալի բառը՝ 1915-ի իրադարձութիւնները կոչելով ցեղասպանութիւն:
Թրքական Haber tuar կայքը Հռոմի Պապի յայտարարութեան մասին լուրը վերնագրած է. Խաչակրաց քէն Թուրքիոյ դէմ:
Թրքական Beyazgazete-ը գրած է, թէ Հռոմի Պապը խիստ կատղեցուցած է Անգարան եւ համապատասխան արձագանգ կը ստանայ:
Թրքական Avrupa Bulteni կայքը լուրը վերնագրած է. Հռոմի Պապի ելոյթը վիճաբանութիւններու առիթ պիտի տայ:
Թրքական Haberler-ը Հռոմի Պապի ելոյթը Թուրքիոյ համար ցնցում համարած է:
Թրքական Posta պարբերականը իր ցնցող լուրերու շարքին տեղադրած է Հռոմի Պապի յայտարարութիւնը՝ զայն վերնագրելով. Հռոմի Պապը յայտարարած է, որ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը հայերու դէմ կատարուած է:
Haber Azim-ը եւս անդրադարձած է՝ շեշտելով, որ Հռոմի Պապը եւս տէր կանգնեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւին:
Sabah-ն իր գլխաւոր էջի մէջ տեղադրած յիշեալ լուրը՝ պնդելով, որ Հռոմի Պապի ելոյթը մեծ հակազդեցութիւն պիտի ունենայ Թուրքիոյ մէջ: