Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Թուրքիոյ եւ աշխարհի տարածքին գործող 11 համայնավար կազմակերպութիւններ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին կապակցութեամբ հանդէս եկած են միացեալ յայտարարութեամբ: Ըստ թրքական «Օզկուր Կիւնտեմ» կայքին՝ Թուրքիոյ, Յունաստանի, Պրազիլի, Պոլիվիոյ, Չիլիի, Էքուատորի, Քոլմպիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Հնդկաստանի եւ Մարոքի մէջ գործող համայնավար կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ յայտարարած են. «Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարուան մէջ, անգամ մը եւս կը նզովենք ցեղասպանութեան ոճրագործները: Ցեղասպանութիւն իրականացնողները չեն կրնար ազատիլ պատմութեան դատաստանէն»:
Յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կատարուած է Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրադրութեանց եւ ընդգծուած է, որ հայ ազգի նկատմամբ թրքական թշնամանքը այսօր եւս կը շարունակուի: «Թրքական պետութեան հակահայ թշնամանքը կը շարունակուի: Անոր մէկ փաստն էր 2007ի Յունուար 19ին տեղի ունեցած «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր՝ հայազգի Հրանդ Տինքի սպանութիւնը, որուն ծալքերը մինչեւ այսօր չեն բացայայտուած, իսկ յանցագործները խնամքով կը թաքցուին: Թրքական կառավարութիւնը չի ճանչար իր երկիրի սահմաններէն ներս ապրող որեւէ ազգային փոքրամասնութեան կեանքի իրաւունքը: Թրքական պետութիւնը խտրական քաղաքականութիւն կը վարէ ոչ միայն հայերու, այլ նաեւ լազերու, չերքեզներու եւ յոյներու նկատմամբ: Մենք չենք մոռցած եւ չենք մոռանար Հայոց Ցեղասպանութիւնը», ըսուած է միացեալ յայտարարութեան մէջ: