Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Ցեղասպանութիւնը, որ պատահած է հայ ժողովուրդի անցեալին մէջ, մեզի՝ բոլորիս համար դաս պէտք է ըլլայ, որ պէտք է յարգել բոլոր ժողովուրդներու ինքնութիւնը, մշակոյթը: Եւ ամէն ինչ պէտք է ընել, որ այն, ինչ պատահած է, այլեւս երբեք չկրկնուի:

«Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ` Ապրիլ 9-ի երեկոյեան ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի` Իտալիոյ Հանրապետութիւն պաշտօնական այցի ծիրէն ներս մատուցուած ընթրիքի ժամանակ նման դիրքորոշում յայտնած է իտալացի խորհրդարանական, ծերակուտական Էնիլիա Կրացիա տէ Պիազին:

«Նախ եւ առաջ, ես բարի գալուստ կը մաղթեմ պարոն նախագահին եւ շատ ուրախ ենք, որ ան որոշած է այցելել Իտալիա: Այս տարի մենք կը նշենք ֆաշիզմէն Իտալիոյ ազատագրման 70-ամեակը, եւ մեզի համար ասիկա շատ կարեւոր իրադարձութիւն է: Գիտեմ նաեւ, որ այս տարի հայ ժողովուրդին համար ալ շատ կարեւոր տարի է, որովհետեւ այս հրաշալի ժողովուրդին, որուն մենք շատ կը սիրենք եւ որուն հետ շատ կապուած ենք, պատահած ահաւոր դէպքերու յիշատակի տարին է… Մեր ժողովուրդները կը կիսեն ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան նոյն արժէքները»,- նշած է ան:

Ծերակուտականը գերազանց գնահատած է Իտալիոյ եւ Հայաստանի միջեւ կապերը` այդ գործին մէջ կարեւորելով Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Սարգիս Ղազարեանի դերը:

«Անոր ու Հայաստանի հետ խորհրդարանական բարեկամութեան խումբին շնորհիւ է, որ մենք կրնան կազմակերպել եւ նպաստել մեր երկու երկիրներու համագործակցութիւնը: Քաղաքականութիւնը, դիւանագիտութիւնը եւ տնտեսական հարցերը շատ կարեւոր են, բայց առաւել կարեւոր է մեր ժողովուրդներու միջեւ առկայ բարեկամակական կապը»,- աւելցուցած է Պիազին:

Ծերակուրական Ալպերթինա Սոլիանին իր հերթին նշած է, որ երբ 10 տարի առաջ ինքը նախաձեռնեց բարեկամութեան խումբի ձեւաւորումը, գիտէր, որ այդ քայլով աւելի պիտի խորանան հայ-իտալական յարաբերութիւնները, ինչ որ պիտի նպաստէ նաեւ Եւրոպայի հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն` որպէս կամուրջ Արեւելքի ու Արեւմուտքի միջեւ:

«10 տարի անց կրնամ ըսել, որ բարեկամական յարաբերութիւնները երկու ժողովուրդներու միջեւ, նաեւ իտալահայ համանքի ու քաղաքական եւ դիւանագիտական կապերու շնորհիւ, անկախ, թէ ինչ իշխանութիւն եղած է երկրին մէջ, շատ լաւ ու ամուր եղած են: Բազմիցս եղած են պատուիրակութիւններու փոխադարձ այցելութիւններ, ես անձամբ քանի մը անգամ այցելած եմ Հայաստան, եւ մենք հասկցանք, որ մեր յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ, նաեւ եւրոպական հարթութեան վրայ, գրեթէ օրինակելի են»,- ըսած է ան:

Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, ծերակուտականը ընդգծած է, որ հայ ժողովուրդին հանդէպ կատարուած ոճիրը աշխարհը դեռ պէտք է ճանչնայ:

«Նոյն այս ժողովուրդը, անկախ ամէն ինչէ եւ իր կրած տառապանքէ, պատրաստ է քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային, ընկերային համագործակցութեան: Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին ներկայութիւնը Իտալիոյ մէջ կը ներկայացնէ ապագայի հանդէպ յոյս: Ես առիթ ունեցած էի նախագահին հետ հանդիպելու Հայաստանի մէջ, երբ այցելեցի իտալացի խորհրդարանականներու հետ: Այդ այցը շատ տպաւորած է զիս: Երբ նայինք Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական գործիչներուն, անոնց շորքին Հռոմի եւ Վատիկանի մէջ Հայաստանի դեսպաններուն, մենք կը զգանք, որ անոնք կը ներկայացնեն Հայաստանի փառաւոր պատմութիւնը եւ խաղաղ ապագայի հանդէպ յոյսն ու ձգտումը»,- իր խօսքը ամփոփած է իտալացի խորհրդարանականը: