Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Ապրիլ 24-ին քաղաքացիներու հոսքը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր պիտի թուլատրուի միայն ժամը 14.00-էն ետք: Այս մասին կը հաղորդէ Yerkir.am-ը։
Մինչ այդ` Եղեռնի զոհերուն յարգանքի տուրք պիտի մատուցեն օտարերկրեայ պատուիրակութիւնները:
Կ'ակնկալուի, որ այդ օրը Ծիծեռնակաբերդ այցելեն Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտը՝ 120 հոգի կազմող պատուիրակութեամբ, ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, հնարաւոր է նաեւ Հռոմի պապի եւ Լեհաստանի նախագահ Պրոնիսլաւ Գոմորովսքիի այցը:
Բացի այդ` պիտի ըլլան օտարերկրեայ բարձրաստիճան այլ պատուիրակութիւններ եւս: Այս առնչութեամբ պիտի ձեռնարկուին անվտանգութեան բացառիկ քայլեր: