Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Չորեքշաբթի օր թուրք հոգեւորական մը այցելած է Ֆրեզնոյի առաջին հայկական երիցական եկեղեցի եւ ներողութիւն խնդրած այն յանցագործութիւններու համար, որ կատարած են իր նախնիները հայերուն նկատմամբ:

Yourcentralvalley.com կայքին փոխանցումով` ատիկա վայրագութիւն է, որ թրքական կառավարութիւնը կը մերժէ: Թուրք հոգեւորականը եօթը տարի առաջ գիտցած է, թէ ինչ պատահած է իրականութեան մէջ, երբ այցելած է Երեւանի մէջ տեղակայուած Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան: «Ամչցայ եւ լացի»,- ըսած է ան: Ան, անվտանգութեան նկատառումներէ մեկնելով, Yourcentralvalley.com-ին խնդրած է չբացայայտել զինք: Ան իբրեւ փախստական ԱՄՆ-ի մէջ է, կը թաքնուի կրօնական հետապնդումներէ:

Չորեքշաբթի օր քահանան իր պատգամը բերած է Առաջին հայկական երիցական եկեղեցի եւ ներում խնդրած. «Ես կը խնդրեմ ձեզմէ, ներէք իմ ազգին:

Անոնք մեղաւոր են: Անոնք Աստուծոյ աչքերուն մեղաւոր են: Անոնք մեղաւոր են ձեր աչքերուն»,- ըսած է ան` արտասուելով: Անոր պատգամը ընդունուած է արցունքներով եւ ծափերով: Առաջին հայկական երիցական եկեղեցւոյ քահանայ Գրեգ Յարութիւնեան՝ կարգաւորման գործընթացին մէջ ասիկա կարեւոր քայլ անուանած է: «Մեր ժողովուրդը ասիկա առաջին անգամ կը լսէ: Եւ անոնցմէ ոմանք իրենց 80-ամեակին պարզապէս ճնշուած են: Անոնք չենք կրնար հաւատալ, որ ասիկա պատահած է: Անոնք առաջին անգամ կը սեեն ասիկա»: