Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
2015 թ. Յուլիսին Հայաստան պիտի ժամանէ Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեամբ զբաղող շուրջ 250 գիտնական: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, այսօր կայացած հանդիպման ընթացքին լրագրողներուն յայտարարած է Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան:
Գիտնականները Հայաստան պիտի ժամանեն մասնակցելու Ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրողներու միջազգային ընկերակցութեան խորհրդաժողովին, որ կը կայանայ երկու տարին մէկ անգամ: 2015թ. Անիկա պիտի կայանայ Յուլիս 8-12:
Գիտնականներու մեծ մասը պիտի ժամանեն ԱՄՆ-էն: Քիչ չեն նաեւ Իսրայէլէն եւ եւրոպական երկիրներէ ժամանող հետազօտողները:
«Ընդհանուր առմամբ աշխարհագրութիւնը շատ լայն է: Կը ժամանեն աշխարհի գրեթէ բոլոր ծայրերից: Մասնաւորապէս սպասւում է, որ մէկական մասնակից կը լինի Պանկլատեշից եւ Հարաւային Աֆրիքայից»,- նշած է Դեմոյեան: