Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Թուրքիոյ վարչապետի գլխաւոր խորհրդական Էթիէն Մահճուպեան թուրքերը զայրացնող յայտարարութիւն մը կատարած է՝ նշելով, որ 1915ի ջարդերը ցեղասպանութիւն կը նկատէ:

Թրքական «Arcaajans» լրատուական կայքին համաձայն՝ Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ կազմակերպուած կլոր սեղանի մը ընթացքին Մահճուպեան խօսած է Թուրքիոյ վերաբերող զանազան հարցերու մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթին:

«Ըսած եմ, որ ես զիս հայէ աւելի շատ օսմանցի կը նկատեմ: Ես ազգայնական չեմ, բայց երբ կը քննուի 1915ի հարցը, ես կ'օգտագործեմ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը: Կը կարծեմ, որ անիկա ցեղասպանութիւն էր, քանի որ «ցեղասպանութիւն» եզրը եւ 1915ին տեղի ունեցածը իրարու կը համընկնին: Եթէ ցեղասպանութեան եզրի սահմանումը փոխենք, ապա զայն կարելի է ցեղասպանութիւն չհամարել: Շատերը կրնան ինծի չհասկանալ, սակայն ցեղասպանութիւնը ոչ թէ պատմական, այլ իրաւական եզր է»,- ըսած է Մահճուպեան: