Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com

 

News.am կը հաղորդէ, որ Իտալիոյ Թոսքանա նահանգը 25 մարտին որդեգրած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը: Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով դիմած է Իտալիոյ բոլոր կարեւոր նահանգապետարաններուն եւ քաղաքապետարաններուն` բանաձեւեր որդեգրելու խնդրանքով:

Այս առնչութեամբ Թոսքանայի նահանգը` 25 մարտի իր խորհրդարանական նիստին ընթացքին որդեգրած է բանաձեւ մը, որով զօրակցութիւն յայտնած է հայ ժողովուրդին: Բանաձեւը ներկայացուցած են Մաուրօ Ռոմանելլի, Տանիելա Լասթրի եւ Ճանլուքա Լացերի: Բանաձեւին մէջ կ՛ըսուի, որ փաստաթուղթը պիտի ուղարկուի Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդի քարտուղարութեան, որպէսզի զայն փոխանցեն Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան- հիմնարկին:

Միւս կողմէ, Սպանիոյ Փինթօ քաղաքի քաղաքապետարանի լիագումար նիստը երէկ միաձայնութեամբ պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Որոշումին մէջ մասնաւորաբար կ՛ըսուի. «Փինթոյի քաղաքապետարանի լիագումար նիստը միաձայնութեամբ կը հաստատէ Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումը եւ կը դատապարտէ օսմանցի թուրքերուն կողմէ մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւնները: Այս տարի կ՛ամբողջանայ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան 100 տարին, որուն ընթացքին սպաննուեցան 1,5 միլիոն քաղաքացիներ, իսկ 2 միլիոն հայեր ստիպուած եղան լքելու իրենց բնակավայրերը»:

Այս տարուան ընթացքին ասիկա երրորդ սպանական քաղաքն է, որ կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: 17 մարտին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած էր Պեթերա քաղաքի քաղաքապետարանի լիագումար խորհուրդը, իսկ 15 յունուարին` Պուրխասոթի քաղաքային խորհուրդը: Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած սպանական այլ քաղաքներն են Միսլաթան եւ Սանթա Քոլոման:

24 յունիս 2014-ին Նաւարան դարձաւ Սպանիոյ 4-րդ ինքնավար շրջանը, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Միւս շրջաններն են` Պասքերու երկիրը, Քաթալոնիան եւ Պալէարեան կղզիները: