Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Մարտ 23 թուակիր հաղորագրութեամբ մը, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Ռապըրթ Տոլտի, Էտըմ Շիֆի, Տէյվիտ Վալատաոյի եւ Ֆրենք Փալոնի կողմէ ներկայացուած «Հայկական Ցեղասպանութեան ճշմարտութեան եւ արդարութեան բանաձեւ»ը հովանաւորողներու թիւը կը շարունակէ աճիլ։

Յատկանշական է նաեւ, որ թիւ 154 բանաձեւին նեցուկ կանգնող մօտաւորապէս 50 քոնկրեսականներուն մէջ կան Հանրապետական եւ Դեմոկրատ կուսակցութիւններէն վեթերան եւ նորեկ անդամներ։

Մարտ 18ին, թիւ 154 բանաձեւի ներկայացման զուգահեռ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, հայազգի քոնկրեսականներ Աննա Էշու եւ Ճեքի Սփիր իրենց անձնական փորձառութիւններէն վկայութիւններ տուած են։

«Ես հայերու եւ ասորիներու զաւակ եմ եւ ծանօթ եմ անոնց պատմութեանց՝ ընտանեկան պարագաներ կորսնցուցած ըլլալով Ցեղասպանութեան ընթացքին», ըսած է Էշու։ Միջին Արեւելքի ներկայ իրադարձութիւնները եւ քրիստոնեաներու վիճակը նմանցնելով Հայկական Ցեղասպանութեան օրերուն հայերու հալածանքին՝ ան աւելցուցած է. «Պատմութինը իսկապէս ինքզինք կը կրկնէ եւ այսօր ականատես ենք Միջին Արեւելքի տարածքին քրիստոնեաներու բնաջնջման փորձերուն»։

Իր կարգին, Ճեքի Սփիր ըսած է. «Ես հպարտ ամերիակահայ մըն եմ։ Միաժամանակ, ես վշտացած ամերիկահայ մըն եմ, որովհետեւ մեր Քոնկրեսը տակաւին յարմար չէ տեսած նուազագոյնը ընելու, որն է՝ պաշտօնապէս ճանչնալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը։ Արդէն հարիւրամեակ է եւ պէտք է ոչ միայն այս իրողութիւնը ընդունինք, այլ նաեւ պէտք է զայն դատապարտող բանաձեւ մը վաւերացնել»։

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ելոյթներ ունեցած են նաեւ քոնկրեսականներ Պրետ Շըրմըն, Տէյվիտ Թրաթ, Ճուտի Չու, Տէյվիտ Սիսիլին, Ճէյմզ Լենկվին եւ Ճիմ Քոսթա։

Նշենք, որ «Հայկական Ցեղասպանութեան ճշմարտութեան եւ արդարութեան բանաձեւ»ին մէջ կոչ կ՛ըլլայ նախագահին՝ հայ-թրքական յարաբերութիւնները հիմնելու Թուրքիոյ կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութեան ճանաչման վրայ։ Բանաձեւին նպատակն է նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած արդար եւ ամբողջական միջազգային արխիւ մը գոյացնել։