Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռի կայանը Մարտ 24-ին հաղորդեց, որ Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատիս Ապրիլ 23-25-ին Հայաստան պիտի այցելէ, Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի միջոցառումներուն մասնակցելու համար։

Կիպրոսի խորհրդարանի անդամ Վարդգէս Մահտէսեանի համաձայն՝ Կիպրոսի նախագահը ընդունած է Հայաստանի նախագահի պաշտօնական հրաւէրը եւ Երեւան գտնուելով ու «Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման արարողութիւններուն մասնակցելով՝ Կիպրոսի կառավարութեան զօրակցութիւնը պիտի յայտնէ հայ ժողովուրդին»։