Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Թուրք մտաւորականներ դատապարտած են Կալիփոլիի նախաձեռնութիւնը եւ կոչ ըրած են ճանչնալու Հայկական Ցեղասպանութիւնը, Մարտ 14-15ին Իզմիրի մէջ տեղի ունեցած «Խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան Եգէականի համաժողով»ին ընթացքին, որուն մասնակցած են Թուրքիոյ քաղաքացի շարք մը մտաւորականներ, գրողներ եւ ուսանողներ:
Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (HDP) կողմէ կազմակերպուած համաժողովին հռչակած յայտարարութեան մէջ կը շեշտուի, թէ առանց Հայկական Ցեղասպանութեան հետ առերեսուելու՝ կարելի չէ Թուրքիոյ մէջ լուծել քրտական տագնապը:
«Տերսիմի կոտորածները, չբացայայտուած սպանութիւնները, Մատըմաքի, Մարաշի, Ռոպոսքիի կոտորածները, զանգուածային ջարդերը, նոյնիսկ երկրի սահմաններէն դուրս, օրինակ՝ Ռոժաւայի մէջ տեղի ունեցող որոշ իրադարձութիւններ մեզ միշտ կը ստիպեն անդրադառնալու 1915ին», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Համաժողովին ընթացքին, Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններուն վերաբերեալ շարք մը առաջարկներ կատարուած են: Օրինակ՝ առաջարկուած է Սեպտեմբեր 9ը յայտարարել սուգի օր, քանի որ այդ օրը Իզմիրի քրիստոնեաներու զանգուածային կոտորածի օրն է: Նաեւ առաջարկուած է Իզմիրի Թալէաթ փաշա անուան պուրակը վերանուանել իզմիրցի հայ երաժիշտ Տիգրան Չուխաճեանի անունով:
Յայտարարութեան մէջ նաեւ ըսուած է. «Մենք ամօթալի կը համարենք եւ կը դատապարտենք այն, որ Ցեղասպանութեան ենթարկուածներու սուգի օրը՝ Ապրիլ 24ը, վերածուած է տօնակատարութիւն դարձած Կալիփոլիի յաղթանակի օր, առաւել եւս՝ այն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը հրաւիրուած է այդ միջոցառումներուն»: