Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Լիբանանի խորհրդարանի անդամ Նէպիլ Նիքոլան պաշտօնական նամակով մը դիմած է Լիբանանի վարչապետին տիար Թամամ Սալամին պահանջելով Ապրիլ 24-ը հռչակել սգոյ օր: Հայերն Այսօր-ի փոխանցմամբ այս մասին կը յայտնէ Aztagarabic կայքը։
Իր նամակին մէջ կ’ըսէ, «Պատմութիւնը կը կրկնուի երբ այսօր եւս արեւելքի մէջ սպանդի կ’եթարկուին փոքրամասնութիւնները եւ կ’աքսորուին իրենց հայրենիքէն եւ տունէն: Այդ կը կատարուի այլակերպութեան մերժումի սկզբունքի վրայ, որ նոյնութեամբ կատարուեցաւ ասկէ 100 տարի առաջ երբ օսմանական մտայնութիւնը բոլոր իր հակառակորդներուն համարեց թշնամիներ, որոնք պէտք էր բնաջնջուէին…
100-րդ տարելիցին առիթով հայերը, ասորիները, քիլտաններն ու սիրեանները Լիբանանի մէջ կը վերյիշեն իրենց տառապանքները: Լիբաբնանի հանդէպ պատկանելիութեան զգացումներէն անդին անոնք կ’ապրին հաւատարիմ իրենց ակունքներուն.. եւ անոնց դէմքերուն վրայ կ’երեւի ցեղասպանութեան վայրաքութեան հանդէպ զայրոյթը եւ անոնք աւելի վճռական են այդ ջարդերու ճանաչման հարցով:
Լիբանանահայերը կ’ապրին Լիբանանի մէջ միւս փոքրամասնութիւններուն կողքին, անոնք Լիբանանցի են հայկական արմատներով, անոնք մեծ դեր ունեցան Լիբանանի տնտեսական, սոցիալական կեանքին մէջ եւ իրենց չէզոք կեցուածքով ոչ մէկուն չվշտացուցին, ատոր համար իրենց այս շնորհալի դերին համար յարգուեցան եւ սիրուեցան բոլորին կողմէն: Հայերը բնորոշուեցան ճշմարտախօսութեամբ եւ անկեղծ վարմունքով…անոնցմէ հռչակաւոր դէմքեր երեւցան, նախարարներ, խորհրդարանի անդամներ, տնտեսագէտներ, մշակութային գործիչներ, գործարարներ, բժիշկներ, ճարտարապետներ, արուեստագէտներ, երաժիշտներ եւ լրագրողներ…, անոնք ունին իրենց ռատիոկայանները եւ թերթերը հայերէն լեզուով, նմանապէս իրենց դպրոցներն ու ճեմարանները..»
Շարունակելով կ’ըսէ «Կը պանջենք մեծ երկիրներէն, որոնք ժողովրդավարական եւ մարդկային իրաւունքներու արժէքներու պաշտպան կը համարուին, դատապարտեն կոտորածները մարդկութեան հանդէպ ըլլան հին կամ նոր ի մանաւանդ անզէն հայ ժողովուրդին հանդէպ կատարուածը: Այսօր 100րդ տարելիցի յիշատակին կը պահանջենք աշխարհի ազատատենջ մարդոցմէ, որ ճնշում բանեցնեն Թուրքիոյ վրայ քանի, որքան շատնան դատապարտող արարքներէն այնքան կը շատնայ եւրոպական երկիրներու ճնշումը այն երկրին վրայ, որ յաւակնի անդամակցիլ եւրոմիութեան», Պրն. Նէպիլ նաեւ իր նամակին մէջ կը յիշեցնէ, որ «1997թ. Լիբանանի խորհրդարանը Հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունելու որոշում ընդունեց, այդպէսով Լիբանանը հանդիսացաւ առաջին արաբական երկիրը, որ ճանչցաւ զայն: Լիբանանի խորհրդարանը այս ձեւով իր աջակցութիւնը յայտնեց իր հայ քաղաքացիներու պահանջներուն, այլեւ հաւատալով, որ միջազգային ճանաչումը այս հարցին կանխարգելիչ դեր կ’ունենայ նման արարքներ ապագային չգործադրուելու»:
Իր նամակի աւարտին ան կ’ըսէ, Ձերդ վսեմութենէն կը պահանջենք, որ 2015թ. Ապրիլ 24-ը ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով, հռչակել ագոյ օր, իրագործելով 1997թ. խորհրդարանի որոշումը եւ յարգելու անմեղ նահատակներու յիշատակը: