Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Մուհամատ Ճիհատ Ալլահամ, այսօր գումարած նիստի ընթացքին յայտնած է,- «Մեր բացարձակ համերաշխութիւնը կը յայտնենք հայ բարեկամ ժողովուրդին, Սուրիոյ մէջ ապրող մեր հայ հարազատներուն, որոնք հարիւր տարի առաջ ենթարկուեցան հաւաքական ցեղասպանութեան՝ օսմանեան կայսրութեան կողմէն»։ Այս մասին կը յայտնէ Սուրիոյ խորհրդարանի կայքը։

Խորհրդարանի նախագահը մասնաւորապէս նշած է,- «Օրեր ետք 100-րդ տարելիցն է Հայոց Ցեղասպանութեան, զոր իրականացուց Օսմանեան կայսրութիւնը՝  բարեկամ հայ ժողովուրդի նկատմամբ եւ Սուրիոյ մէջ ապրող մեր հայ հարազատներուն, որոնք հարիւր տարի առաջ ենթարկուեցան զազրելի ցեղասպանութեան։ Այսօր մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնենք՝ անոնց կողքին կանգնելու, երբ կ’ոգեկոչենք  ցաւալի իրադարձութեան մը 100-րդ տարելիցը, զոր պատմութիւնը արձանագրեց մենազազրալի պատկերներով։ Մենք կոչ կ՝ուղղենք միջազգային հանրութեան եւ ողջ աշխարհի ժողովուրդներուն՝ միասնաբար կանգնելու  կեանքեր վերջ դնողներու, գլուխներ հատողներու եւ ահաբեկիչներու դէմ, որ կը հարուածէ Միջին Արեւելքը, որպէսզի առաջքը առնենք  մարդկութեան պատմութեան եւ քաղաքակրթութեան հանդէպ իրագործուող նոր ջարդերու։

Ընկերներ եւ ընկերուհիներ Ձեզ կը հրաւիրեմ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու յիշատակը ցաւալի իրադարձութիւններուն զոհ դարձած մէկուկէս միլիոն հայու, եւ որ պատճառ դարձաւ մէկ ու կէս միլիոն հայ փաստական դառնայ եւ ցրուի աշխարհով մէկ»: