Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմի մէջ Քուէյթի Պետութիւն մեկնած ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Մարտ 12-ին Քուէթէն մեկնեցաւ Պէյրութ:
Մարտ 13-ին նախարար Հ. Յակոբեան հիւրընկալուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի կողմէն: Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատած է նախարար Հ. Յակոբեանի նուիրեալ աշխատանքը Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման գործին մէջ: Քննարկուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի կազմակերպական եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ծրագրերի հետ առնչուող հարցեր: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Լիբանանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան:
Արամ Ա. Վեհափառի հետ հանդիպումէն ետք նախարար Հ. Յակոբեան Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի մէջ հանդիպում ունեցած է Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի հետ:
Նոյն օրը նախարարը այցելած է Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր հանդիպում ունեցած է Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս-պատրիարքի հետ:
Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը ծանօթացուցած է Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան ծրագիրներուն եւ շեշտած միացեալ ճակատով հանդէս գալու հրամայականը: Ան կարեւորած է Ապրիլ 12-ին Վատիկանի Ս. Պետրոսի Մայր տաճարի մէջ տեղի ունենալիք մեծաշուք սուրբ պատարագը, որուն ընթացքին Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետը Ս. Գրիգոր Նարեկացին հանդիսաւորապէս պիտի հռչակէ Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ:
Ապա, նախարարը հիւրընկալուեցաւ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ եւ Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարագէօզեանի կողմէն։
Լիբանանեան այցի ծիրէն ներս նախարար Հ. Յակոբեան մասնակցած է Պէյրութի մէջ ՀՀ դեսպանութեան կողմէն կազմակերպուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած երախտագիութեան երեկոյին:
Լիբանանի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններու ազգային օրհներգներէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկած է Լիբանանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան: Ան նշեց, որ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած բազմաթիւ ձեռնարկներու նպատակն է հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը իրազեկել եւ լսելի դարձնել միջազգային հանրութեան: Դեսպանը ընդգծեց, որ ոգեկոչման ձեռնարկները կ’իրականացուին յիշողութիւն, երախտագիտութիւն, միջազգային պայքար եւ վերածնունդ ուղղութիւններով: Ան կարեւորեց հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի հերթական նիստի ժամանակ ընդունուած Ցեղասպանութեան համահայկական հռչակագիրը, որ հայ ժողովրդի միասնութեան եւ համախմբուածութեան արդիւնք էր:
Ապա ելոյթ ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմնի փոխատենապետ Շահան Գանտահարեան: Ան խօսեցաւ հայ ժողովուրդի համար յոյժ կարեւոր տարուան խորհուրդի մասին՝ յոյս յայտնելով, որ միջազգային հանրութիւնը արդար իրաւական գնահատական պիտի տայ կատարուած յանցագործութեան։
Իր ելոյթի մէջ Լիբանանի խորհրդարանի պատգամաւոր, Լիբանանի վարչապետի եւ խորհրդարանի նախագահի ներկայացուցիչ Ղասան Մուխայպերը անդրադարձաւ օսմանեան Կայսրութիւնում հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդներու զրկանքներներուն եւ տառապանքներուն՝ օգտագործելով «Մենք բոլորս հայ ենք» արտայայտութիւնը: Եթէ հայերու հանդէպ իրագործուած է անմարդկային ոճիր՝ ջարդեր եւ ցեղասպանութիւն, որուն զոհ դարձած են 1.5 միլիոն անմեղ մարդիկ, ապա Լիբանանի ժողովուրդը մատնուած է սովի եւ կորցսնցուցած բնակչութեան 40 տոկոսը: Ղասան Մուխայպեր համոզում յայտնած է, որ կու գայ ժամանակ, երբ թուրքերը կը վերադարձնեն հայ ժողովուրդէն բռնագրաւուած տարածքներն ու ունեցուածքը: Ան հպարտութեամբ խօսած լիբանանահայ համայքնի մասին, որուն հանդէպ Լիբանանի ժողովուրդը ունի յատուկ վերաբերում եւ յարգանք, ան կոչ ըրած է միջազգային հանրութեան համախմբուելու յետագային հնարաւոր ցեղասպանութիւնները կանխելու նպատակով:
Երեկոյի աւարտին ներկաներուն խօսք ուղղած է ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ան ընդգծեց, որ հայ ժողովուրդը միշտ երախտագիտութեամբ պիտի յիշէ արաբական աշխարհի, մասնաւորապէս Լիբանանի ժողովրդի ցուցաբերած անուրանալի աջակցութիւնը, որուն շնորհիւ հայութեան բեկորները փրկութիւն եւ ապաստան գտան, հիմնաւորուեցան, ընդելուզուեցան եւ գործուն մասնակցութիւն ունեցան քաղաքական, ընկերա-տնտեսական եւ մշակութային կեանքէն ներս: Նախարարը, մէջբերելով ՀՀ Նախագահի ՄԱԿ-ի ԳԱ ելոյթը, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր պետութիւններուն, միջազգային, կրօնական եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն, երեկոյին ներկայ դեսպաններուն, որոնք ճանչցած եւ դատապարտած են մարդկութեան դէմ կատարուած սոսկալի ոճիրը՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Անդրադառնալով Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան՝ Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ ներկայիս Թուրքիան ջանքեր չի խնայեր խեղաթիւրելու, ժխտելու եւ կեղծելու իրականութիւնը: Ան համոզում յայտնեց, որ Թուրքիան օր մը պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը նաեւ այն պատճառով, որ թրքական հասարակութեան մէջ մարդիկ սկսած են ուսումնասիրել իրենց իրական պատմութիւնը, իսկ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը այլեւս պիտի չլռէ եւ անընդատ պիտի պահանջէ համազգային իրաւունքներու վերականգնումը: Նախարար Յակոբեան ներկայացուց համահայկական հռչակագիրի գլխաւոր սկզբունքները 100-րդ տարելիցի «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» կարգախօսին համահունչ։ Հրանոյշ Յակոբեան ընդգծեց, որ հայ ժողովուրդը կը կառուցէ ազատ, անկախ, ժողովրդավարական պետութիւն անկախ անկէ, որ արդէն շուրջ 25 տարի կը գտնուի Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէն իրականացուող անօրինական շրջափակման մէջ :
Երեկոյի ընթացքին ցուցադրուեցանն Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած պաստառներ սկանդինաւեան արխիւներէն եւ միջազգային մամուլէն, հնչեցին երաժշտական կատարումներ:
Երախտագիտութեան երեկոյին ներկայ էին Լիբանանի ուժանիւթի, կրթութեան եւ բարձրագոյն կրթութեան, գիւղատնտեսութեան նախարարները, խորհրդարանի պատգամաւորներ, ԱԳՆ եւ այլ նախարարութիւններու պաշտօնեաներ, նախկին նախագահներու ներկայացուցիչներ, Ռուսաստանի Դաշնութեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Գանատայի, Մեքսիքի, Պարագուէյի, Ուրուկուէյի, Արպժանթինի, Աւստրիոյ, Լեհաստանի, Հնդկաստանի, Կիպրոսի դեսպանները, Յունաստանի եւ Սերպիոյ գործերու հաւատարմատարները, Սուրբ Աթոռի ներակայացուցչութեան, Սուրիոյ դեսպանութեան, ԵՄ, ՄԱԿ-ի եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, կրօնական առաջնորդներ, քաղաքական կուսակցութիւններու, բազմաթիւ լրատուամիջոցներու թղթակիցներ:
Մարտ 14-ին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարը հիւրն էր Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին: Ընդունելութեան կը մասնակցէր նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան:
Նախարար Հ. Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց Պըրրիին, որուն նախագահութեան օրով` 1997-ին եւ 2000-ին, Լիբանանի խորհրդարանը ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւեր:
Նախարարը խորհրդարանի նախագահին ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման առիթով Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք պետական եւ կառավարական ձեռնարկներ: Ան նշեց, որ այդ ձեռնարկներու ծիրէն ներս Մարտ 18-20 Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ լրագրողներու համաժողով, որուն պիտի մասնակցին աշխարհի շուրջ 150 լրատուամիջոցներ, որոնցմէ 7-ը` լիբանանեան:
Հանդիպման ընթացքին նախարարը Նեպիհ Պըրրիին առաջարկեց բարձրաստիճան պատուիրակութեամբ Լիբանանը ներկայացնել Ապրիլ 24-ին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման արարողութիւններուն:
Սփիւռի նախարարը նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ նաեւ «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» խորագիրը կրող ընդգրկուն խորհրդաժողով, որուն պիտի մասնակցին 100-րդ տարելիցի նշումին իրենց մասնակցութիւնը բերած պաշտօնական պատուիրակութիւնները:
Տիկին Յակոբեան տեղեկացուց նաեւ, որ Սուրբ Էջմիածինի Մայր տաճարի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներու սրբադասման պատարագի արարողութիւն:
Հանդիպման աւարտին ՀՀ սփիւռքի նախարարը գոհունակութիւն յայտնեց, որ ուրախ է գտնուելու տարածքով փոքր երկիր Լիբանանի մէջ, ուր սակայն կ’ապրին տասնեակ հազարաւոր հայեր հայկական մթնոլորտի մէջ եւ հայկական ոգիով:
Լիբանանի մէջ գտնուելու օրերուն նախարարը ներկայ գտնուած է նաեւ լիբանանահայ տաղանդաւոր նկարիչ-քանդակագործ Ռաֆֆի Թոքաթլեանի աշխատանքներու ցուցահանդէսի բացման, այցելած է «Լիւսի Թիւթիւնճեան» սրահի մէջ բացուած ՀՀ ժողովրդական նկարիչ Անատոլի Գրիգորեանի ցուցահանդէսը, ՀՄԸՄ կեդրոնական վարչութեան կեդրոնատեղի, մասնակցած եւ գնահատանքի խօսք ըսած Հայոց ցեղասպանութէան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս Պէյրութի «Ծաղիկ» գրական հանդէսի կազմակերպած Զօրավար Անդրանիկի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին: Նախարարը հանդիպում ունեցած է նաեւ Հայկազեան համալսարանի ուսանողութեան հետ։
Այցի աւարտին նախարար Հրանոյշ Յակոբեան այցելած է Այնճար, ուր ունեցած է բազմաթիւ տպաւորիչ եւ յուզիչ հանդիպումներ: