Աղբիւր՝ www.asbarez.com
«Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ, թէեւ Թուրքիա կը շարունակէ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը, աստիճանաբար այդ մէկը պետութեան համար շատ աւելի բարդ կը դառնայ», նշած է տերսիմահայ Միրան Փրկիչ:
«Ակնյայտ է, որ այս իրավիճակը, յառաջիկային Հայոց Ցեղասպանութեան հետ առերեսուելու տեսանկիւնէն՝ Թուրքիան աւելի վատ իրադրութեան մէջ պիտի դնէ, քանի որ իսլամացած հայերը արդէն իսկ սկսած են թրքական հասարակութեան մէջ ակնյայտօրէն բացայայտելու իրենք զիրենք», ըսած է Փրկիչ, որ վերջին տարիներուն մկրտուած եւ քրիստոնէութիւնը ընդունած հայերէն է:
Ան նկատած է, որ սեփական պատմութեան հետ առերեսուելով՝ Թուրքիա կրնայ աւելի զօրաւոր չըլլալ, սակայն կը դառնայ աւելի ժողովրդավար: Ան յայտնած է նաեւ, որ ներկայիս Թուրքիոյ սահմաններէն ներս բնակող այլազգիները իրականութեան մէջ աւելի շատ են, քան՝ թուրքերը:
Փրկիչ ըսած է, որ այս տարի Ապրիլ 24ին, «Տերսիմի հայերու եւ ալաուիներու միութիւն» կազմակերպութիւնը Խարբերդի Խոզաթ գիւղաքաղաքի Քայըշօղլու կիրճին մէջ պիտի յիշատակէ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Ան աւելցուցած է, որ յիշատակման վայրի ընտրութիւնը պատահական չէ եղած. արդարեւ, նոյն այդ կիրճին մէջ է որ 1915ին մեծաթիւ հայեր նետուած եւ սպաննուած են: Փրկիչի համաձայն՝ այդ վայրին մէջ յիշատակի արարողութիւն իրականացնելը կարեւոր կրնայ ըլլալ նաեւ Տերսիմի ներկայ բնակիչներուն՝ կատարուածին հետ առերեսուելու տեսանկիւնէն: