Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ քոնկրեսական Ճուտի Չու, Հինգշաբթի, Փետրուար 26ին, Ներկայացուցիչներու տան առջեւ ելոյթի մը ընթացքին ոգեկոչած է Սումգայիթի, Պաքուի եւ Կիրովապատի մէջ ատրպէյճանցիներու ձեռամբ իրագործուած ջարդերու հայ զոհերուն յիշատակը՝ միաժամանակ դատապարտելով Ատրպէյճանի կողմէ շարունակուող յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը։ Չու նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին ազատութիւնը երաշխաւորելու կոչ ըրած է:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց Չուի յայտարարութիւնը։
Իր ելոյթին մէջ, Չու ըսած է. «27 տարի առաջ, երբ Խորհրդային Միութեան համակարգը կը տկարանար, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը՝ միակամ, որոշած էր իր ապագան սահմանելու իրաւունքը ապահովել եւ աւելի մեծ անկախութիւն ձեռք բերել: Ինքնորոշման եւ ազատութեան ուղղուած այդ խաղաղ շարժումին հակադարձութիւնը եղան կանխամտածուած եւ պետութեան կողմէ ծրագրուած հակահայ յարձակումները:
Յաջորդող երկու տարիներուն, Արցախի ժողովուրդը թիրախ դարձաւ ջարդերու, որոնք կը յիշեցնէին Հայկական Ցեղասպանութեան օրերը։ Սումգայիթի, Պաքուի եւ Կիրովապատի մէջ եւս ատրպէյճանցիներու ձեռամբ իրագործուեցան ջարդեր։ Արձանագրուեցան հարիւրաւր զոհեր, իսկ հազարաւոր ուրիիշներ տեղահանուեցան։
Երբ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը անկախանալու իր կամքն արտայայտեց 1991ի Դեկտեմբեր 10ին, անիկա գտնուեցաւ լայնածաւալ պատերազմի մը դէմ յանդիման, որ տեւեց մինչեւ 1994: Նոյնիսկ այսօր, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ստիպուած է ապրելու Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի շարունակական խախտումներուն ստեղծած անկայուն պայմաններուն մէջ:
Մինչ մենք կը նշենք մռայլ ջարդերուն տարելիցը, կը յուսանք, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի պայքարը եւ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հասնելու փափաքները կ՛իրականանան, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիները ազատ ըլլան իրենց ապագան որոշելու»:
Ելոյթը կարելի է դիտել www.youtu.be կայքէջին վրայ։