Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com
«Իրականացուածը միջազգային օրէնքներով որակւում է որպէս ցեղասպանութիւն, եւ մեր իշխանութիւնները պարտաւոր են Սումկայիթեան դէպքերը ցեղասպանութիւն որակելու հարց բարձրացնել: Սակայն, չգիտես ինչու, անկախութեան տարիներից ի վեր մեր երեք նախագահներն էլ խուսափում են Սումկայիթին անդրադառնալ»:
ՀՐԱՅՐ ՈՒԼՈՒԲԱԲԵԱՆ (Մտաւորական, հրապարակախօս)
Ո՛չ, մոռացութեան չենք տուած այն, որ այս տարի Պաքուի հայոց ջարդերուն (1990թ.) քսանհինգ ամեակն է:
Այդ դժոխային օրերուն էր, յունուարի 13-ին, երբ աւելի քան չորս հարիւր հազար հայեր` փոքրեր ու տարեցներ, կրկին անգամ բռնեցին գաղթի ու տեղահանութեան ճամբան, ենթարկուելէ ետք անասելի վայրագութիւններու, սպանդի, խողխողումի, հրկիզումի, այլ ասած` աննկարագրելի բարբարոսութիւններու, զորս կարելի է բնորոշել միայն ցեղասպանութիւն եզրով:
Կրկին անգամ ջարդարարը թրքութիւնն էր` թուրք-ազերի գոյացութեան «հարազատ» արտայայտութիւն:
Իսկ ամէնէն սահմռկեցուցիչը` կրկին անգամ նման մարդակերի սպանութիւններ, կողոպուտի ու թալանի սանձարձակ արարքներ տեղի կ՛ունենային, այսպէս ասած քաղաքակիրթ մարդկութեան երկերես ու պատեհապաշտ աչքերուն դիմաց, լուռ ու վատոգի մեղսակցութեամբ:
Այո՛, այնքան մը մեղսակցութիւն, որուն մէկ դիպուկ ու փաստացի դրսեւորումներուն ականատես ենք վերջին չորս տարիներուն Սուրիոյ թէ ամբողջ Միջին արեւելեան երկիրներու տարածքին, երբ խենեշ ու խօլ մրցակցութիւններու, իրերամերժ ու ցեղապաշտ մօտեցումներու, այլատեաց եւ անհանդուրժող կեցուածքներու իբրեւ հետեւանք` ոչ միայն երկիրներ կը կործանին, անցեալի բոյրն ու հոգին շնչող քաղաքակրթական արժէքներ հիմնայատակ կը բնաջնջուին, այլ նաեւ` ողջ ժողովուրդներ սպանդի կ՛ենթարկուին, պարզապէս որովհետեւ անոնք կառչած կը մնան իրենց ինքնութեան, կրօնքին ու մշակութային հարստութիւններուն:
Եւ կը զարմանայ ամբողջ մարդկութիւնը, կը զարմանան հայութեան կեանքին ու գործունէութեան քաջածանօթ հաւաքականութիւններ` ի տես հաւատադրժողներու, ծայրայեղ իսլամներու նման մարդակերի վարք ու բարքին:
Հաւանաբար եւ հաստատապէս հայութիւնը միակն է, որ չէ զարմացած եւ կը շարունակէ մնալ իբրեւ այդպիսին, որովհետեւ ենթարկուած է թուրքի ցեղասպանութեան եւ վայրագ բռնարարքներուն, որոնց շարունակութիւնն էին Սումկայիթի, Կիրովապատի (Գանձակ), Մարաղուի եւ Պաքուի հայաջինջ սպանդները:
Խորհրդային Միութեան փլուզումին յաջորդեցին այնպիսի քաղաքական ու զինուորական իրադարձութիւններ, քաոսային եւ աննկարագրելի վարքագիծեր, որոնց դժուար թէ համախումբ ազգեր անգամ կարենային տոկալ ու դիմանալ:
Եւ հայոց աշխարհը անմասն չմնաց նման խաժամուժ տարիներու ազդեցութենէն: Պայթեցաւ հայոց փետրուարեան (1988թ.) ազգային պահանջատիրական պայքարի նորովի տարբերակը` Հայաստանի վերանկախացման գործընթացի եւ Արցախի ազատագրական սուրբ պայքար հոլովոյթը:
Համայնավար վարքագիծին եւ թրքութեան եղբայրացած ազերին իր պետական իշխանութեամբ եւ կարգ ու սարքով դիմեց մեր օրերու ամէնէն բարբարոս ու անմարդկային ջարդերու, չխնայեց մանուկն ու տարեցը, երբ ողջ-ողջ հրկիզեց, բարձր յարկերէ վար նետեց, բռնաբարեց, կացին ու սղոց օգտագործեց խողխողելու մեր մայրերն ու քոյրերը, թալանեց ու այրեց հազարաւոր բնակարաններ եւ հայկական գիւղեր, այլ խօսքով` Ազրպէյճանի պետութիւնը ցեղասպանութեան ենթարկեց իր իսկ քաղաքացին` հայը, եւ Արցախի մէջ ապրող հայութիւնը:
Յայտնապէս, պետական մակարդակի ահաբեկչութեան մէկ նորովին դրսեւորումներու ականատես եղաւ համայն մարդկութիւնը:
Եւ, հակառակ անոր որ միջազգային լրատուական ցանցեր օրը օրին արձագանգեցին հայոց դէմ գործադրուած ջարդերուն, եւ հայութիւնն ալ իր կարգին, հետագային, գիտական ու փաստացի աշխատանքներով լոյսին բերաւ զազրելի արարքները` ժողովուրդի մը ցեղասպանութիւնը, այդուամենայնիւ, պետութիւններ ցարդ կը շարունակեն խուլ ու կոյր ձեւացնել իրենք զիրենք` մեկնած շահադիտականի եւ համայնակուլի վարքագիծերէն:
Հայոց դէմ գործուած նման ոճիրներուն դէմ հայութիւնը կրկին անգամ դիմեց ազատագրական պայքարի եւ շնորհիւ իր քաջարի ու աննման հերոսներու սխրանքներուն կրցաւ ծունկի բերել վեհերոտ թուրք-ազերին եւ Շուշիի սրբազան կատարին կանգնեցնել եռագոյնը:
Այսօր Հայաստանի վերանկախ պետականութիւնը Արարատի լուսաւոր հայեացքին ներքեւ հայօրէն եւ ազատութեամբ կը շնչէ:
Արցախի Հանրապետութիւնը իր քաջարի բանակին ու հայրենապաշտի ղեկավարութեան շնորհիւ կը շարունակէ ինքնիրեն բարեկարգել եւ յառաջդիմել:
Զոյգ հանրապետութիւնները կը շարունակեն պետականակերտի իրենց գործընթացները ամրակայել, հակառակ տիրող արտաքին ու ներքին դժուարութիւններուն եւ ստեղծուած զինուորական կացութիւններուն:
Սակայն, այս բոլորով հանդերձ, ազգային մեր մտածողութեան հարկ ագուցել նաեւ այն, որ աշխարհաքաղաքական թէ զինուորական կացութիւններու դէմ յանդիման հարկ է միանգամընդմիշտ ձերբազատիլ զոհի բարդոյթէն եւ բոլոր ճակատներու վրայ լծուիլ հակայարձակումի, առանձնապէս կեդրոնանալով պահանջատիրական մեր պայքարի սրբազան իրաւունքին վրայ:
Եւ այդ գերագոյն իրաւունքին էապէս շաղկապուած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող բոլոր նկատառումները` աշխատանքային տարբերակներու առաւել յանձանձումով եւ շտապողականութեամբ:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծիրին մէջ, հայութիւնը պարտաւոր է զգայացունց ուժգնութեամբ լոյսին բերել եւ համայն մարդկութեան սեփականութիւնը դարձնել նաեւ Սումկայիթի ջարդերն ու մարդկութեան դէմ ուղղուած սպանդներու վայրագ պատկերները:
Կ'ուզենք շեշտել նման պետական մակարդակի աշխատանք, որովհետեւ, ցաւ ի սիրտ, ոչ միայն թուրք-ազերին լծուած է հակաքարոզչութեան, այլ նաեւ` հայանուն վարձկաններ լծած են այդ աշխատանքին:
Այո՛, այսօր, Սումկայիթի եւ Պաքուի ջարդերու իրողութիւնները շրջելու հսկայ աշխատանքի ձեռնարկած է ազերի պետականութիւնը:
Իսկ նման խենեշ վարքագիծի ջաղացքին ջուր կը լեցնեն վատահամբաւ հայանուն լրագրողներ, երբ «ներողութիւն» կը խնդրեն ազերիներէն, այսպէս ասած Խոճալուի ջարդերուն համար:
Ամօթանքի խարաններ ու անբարոյութիւններ սպասելի են թշնամիէն եւ գձուձ հաշիւներու տէր անհատներէ, սակայն մեզ զարմացնողը հայանուն վարձկաններու գոյութիւնն է:
Այս առումով, հարկ է եռապատկել քարոզչական մեր արշաւները, յատկապէս միջազգային ամպիոններու վրայ թէ հասարակութիւններու մօտ, որոնք մեծապէս ենթակայ են թուրք-ազերի ստապատիր ազդեցութիւններու:
Ա՛լ չենք խօսիր դատաիրաւական գործընթացներու թէ փաստավաւերագրական գործունէութիւններու առաւել աշխուժացման հրամայական պահանջին մասին:
Արդ,
Որպէսզի Սումկայիթի ցեղասպանութիւնը սոսկ ոգեկոչումի առիթ չմնայ, պարտաւոր ենք գաղութահայ կեանքի մեր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դնել` յանուն ճշմարտութիւններու յստակեցման եւ բացայայտումին:
Դարը խիզախ ու յանդուգն քարոզչութիւններու ասպարէզ է: