Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Ըստ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Թանշու Պիլկիչ յայտնած է, որ Թուրքիա պիտի չմասնակցի Հայաստանի մէջ կայանալիք Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման արարողութեան։
Անդրադառնալով Կալիփոլիի ճակատամարտի 100ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն՝ թուրք դիւանագէտը նշած է, որ անոնց մասնակցելու հրաւէրներ ղրկուած են «մեծ թիւով» երկիրներ, եւ աւելցուցած, որ Ապրիլ 23ին, Թուրքիոյ կառավարութիւնը «Խաղաղութեան գագաթնաժողով» պիտի կազմակերպէ Պոլսոյ մէջ: