Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com

 

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 24 ապրիլին երբ ձեռնարկ կը կազմակերպէ` խուսափելու համար Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին Երեւան ժամանելու` իր ուսերուն դրուած ծանր «բեռէն», Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նոր խայտառակութիւն մը կ՛արձանագրէ:

Ըստ թրքական «Հիւրրիյէթ»-ի կայքին, արտաքին գործոց  նախարարութիւնը Կալիփոլիի ճակատամարտին 100-ամեակին առիթով յատուկ օրացոյց տպած է: Օրացոյցին մէջ տեղ գտած են Կալիփոլիի ճակատամարտին վերաբերեալ շարք մը լուսանկարներ: Սակայն ապրիլ ամսուան  լուսանկարը խայտառակութիւն  դարձած է  Թուրքիոյ մէջ: Այդ լուսանկարը կը պատկերացնէ Երեւանի Ծիծեռնակաբերդին մէջ  ապրիլքսանչորսեան ոգեկոչման տեսարան մը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչները այդ մասին յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշած են, որ լուսանկարը օրացոյցին մէջ յայտնուած է «սխալմամբ»:

Ըստ տեղեկութիւններու, անմիջապէս դադրեցուցած են օրացոյցին ցրուումը: «Կայծակնային արագութեամբ հետաքննութիւն սկսած է` պարզելու համար, թէ ինչպէ՞ս այդ լուսանկարը յայտնուած է օրացոյցին մէջ», կը գրէ կայքը: