Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Ապրիլ 23-ին, խորհրդանշական ժամը 19:15-ին, Հայաստանի Ս. Էջմիածին մայրավանքի մէջ, տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու հաւաքական սրբադասման արարողութիւնը, որմէ ետք Հայաստանի բոլոր եկեղեցիները 100 ղօղանջ պիտի հնչեցնեն:
Նախատեսուած է, որ նոյն ժամուն աշխարհի բոլոր հայկական եկեղեցիները եւ այլ յայտնի եկեղեցիներ միանան այս նախաձեռնութեան։ 100-րդ հնչիւնէն ետք, մէկ վայրկեան լռութիւն պիտի տիրէ երկրի մէջ՝ պիտի կասեցուի ամէն ինչ (երթեւեկութիւն, լրատուամիջոցներ եւ այլն…):
Այնուհետեւ Էջմիածնի մէջ՝ երգչախումբի կատարմամբ՝ պիտի հնչէ «Սուրբ սուրբ»-ն ու «Հայր մեր»-ը։ Կը նախատեսուի միաժամանակ նոյն աղօթքները երգչախումբերու կողմէն հնչէ նաեւ աշխարհի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։
Նախաձեռնութիւններուն միացող համայնքներու իրականացուցած արարողութիւնները պիտի սփռուին Հայաստանի հեռուստատեսութեամբ։