Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Ուաշինկթընի «Քարնեկի» հաստատութիւնը իր կայքին մէջ կը ներկայացնէ հաստատութեան աւագ վերլուծաբան, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մասին «Սեւ այգին» գիրքի հեղինակ Թոմաս տը Վաալի նոր գիրքը` «Հայերն ու թուրքերը Ցեղասպանութեան ստուերի տակ» վերնագիրով:
Թոմաս տը Վալը իր խօսքին մէջ նշած է, որ հակառակ որ «ցեղասպանութիւն»ը խնդրայարոյց բառ է, սակայն ինքը նոյնպէս կը կիրառէ այդ եզրոյթը յստակ Հայոց ցեղասպանութեան մասին յիշատակելու ատեն:
«Ես նոյնպէս այդ իրադարձութիւնները կ'անուանեմ Հայոց ցեղասպանութիւն:
Ցեղասպանութիւնը խնդրայարոյց բառ է եւ ընտրուած ոչ լաւագոյն եզրոյթը, սակայն ես կը կանգնիմ այն մարդոց կողքին, որոնք զայն «Հայոց ցեղասպանութիւն» կ'անուանեն»,– ըսած է ան:
«Ես կը կիրառեմ «Հայոց ցեղասպանութիւն» բառակապակցութիւնը, սակայն կը կիրառեմ հաւատալով, որ ան իր մէջ կը կրէ սահմանափակումներ»,- աւելցուցած է ան: