Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Թուրք յայտնի մտաւորական «Ներեցէք մեզի, հայեր» արշաւի կազմակերպիչներէն Պասքըն Օրան թրքական «Radikal» պարբերականի իր սիւնակին մէջ անդրադարձած է նախագահ Էրտողանի կողմէ Ապրիլ 24-ը Չանաքալէի յաղթանակի օր նշելու հետ կապուած խայտառակ յայտարարութեան: Այս մասին կը գրէ «NEWS.am»-ը:
Պասքըն Օրան իր հրապարակման մէջ կը նշէ, որ այս տարի Թուրքիոյ նախագահը թրքական արտաքին քաղաքականութեան արգելակներէն հանդիսացող Ատրպէյճանի բռնապետ Իլհամ Ալիեւի հետ պիտի նշէ Չանաքալէի ճակատամարտի օրը: «Եւ ամէն տարի Մարտ 18-ին նշուող այդ իրադարձութիւնը այս տարի «պիտի նշուի» երիտթուրք «ղասապներուն» կողմէ հայերու դաժան կոտորածներու խորհրդանշական օր հանդիսացող Ապրիլ 24-ին:
Յայտնի լրագրող Ռոպերթ Ֆիսք «The Independent»-ին մէջ գրած էր, որ կոտորուած 1,5 մլն. հայերու ուրուականները պիտի քալեն անոնց կողքով:
Պէտք է գետինը մտնենք: Լաւ, կ’անտեսենք այդ մարդոց ցաւերը, բայց եկէք չծաղրենք: Նախորդ տարի Էրտողան կը ցաւակցէր կոտորուած հայերու թոռներուն, իսկ այսօր անոր այս խայտառակութիւնը մարդուն կը փշաքաղեցնէ: Հայաստանի նախագահին Ապրիլ 24-ին կը հրաւիրէ Չանաքալէ»:
«Ի՞նչ է սա: Ին՞չ տեսակի ամօթ: Որոշներու համար հասկնալի լեզուով ըսեմ, ինչ մե՞ղք է սա: Թատերական ներկայացման պատրաստ էինք, բայց այս ամօթը շատ եղաւ»,- ամփոփած է Պասքըն Օրան: