Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Հրանդ Տինքի սպանութեան 8-րդ տարելիցին առթիւ Թուրքիոյ մէջ կազմակերպուած ցոյցերն ու ձեռնարկները արձագանգ գտած են թրքական մամուլին մէջ: Ermenihaber.am լրատուականը կը ներկայացնէ ընդդիմադիր թերթերու անդրադարձը Տինքի ոգեկոչման եւ ցեղասպանութեան հարցի արծարծման:

«Cumhuriyet» (Հանրապետութիւն) թերթը «Անգամ մը եւս համախմբեց» վերտառութեամբ յօդուածին մէջ կը ներկայացնէ թուրք գրող, թատերագիր Մունկանի ելոյթը, որ ուղեկցուած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կոչով:

Ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան» (Ժ.Հ.Կ.-CHP) ներկայացուցիչ Տուրրու Օզփոլաթին պատկանող «Yurt» թերթը մեծ տեղ յատկացուցած է ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին: Թերթին առաջին էջին վրայ տեղ գտած են Մունգանի խօսքերը. «Հայոց ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ հարիւր տարուան մենակութիւնն է»: Այնուհետեւ թերթը ամբողջ երկու էջ տրամադրած է Հրանդ Տինքի սպանութեան` այդպէս ալ չանդրադառնալով յանցագործութեան ետին կանգնածներուն:

«Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (Ք.Բ.Կ.-PKK) հետ սերտ կապերով յայտնի «Özgür gündem» (Ազատ օրակարգ) թերթն ալ «Հարիւամեայ առերեսումէ վերտառութեամբ յօդուածով անդրադարձած է ցեղասպանութեան թեմային:

«Evrensel» պարբերականը հրապարակած է «Հարիւամեայ արդարութեան փնտռտուքէ յօդուածը, ուր հեղինակը երկկողմ յարաբերութիւններու վերականգնման ցանկութիւն կը յայտնէ` ըսելով. «Արարատի գագաթէն հարիւամեայ մառախուղը թող ցրուի, յուշերու եւ յիշողութիւններու միջեւ երկխօսութիւն թող սկսի»:

Լուսաբանելով Տինքի ոգեկոչելու ձեռնարկները լրատուամիջոցները կը յայտնեն, որ ցուցարարներու երթը սկսած է Սթամպուլի Թաքսիմ հրապարակէն եւ աւարտած` «Ակօս» թերթի խմբագրատան մօտ: Երթի մասնակիցները «1915-2015 թթ. ժխտման պատմութիւն, կոտորածի պատմութիւն» գրութեամբ պաստառներ ծածանած են: Իսկ խմբագրութեան շէնքին պատին փակցուած է «Առերեսում Հրանդի հետ, ցեղասպանութեան հետ – Հրանդի ընկերներ» գրութեամբ պաստառ: Երթէն ետք ելոյթ ունեցած են «Ժ.Հ.Կ.»-ական եւ «Ժ.Դ.Հ.Կ.»-ական գործիչներ, որոնք կոչ ըրած են ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: