Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Վենետիկի «Մարչիանա» ազգային գրադարանին մէջ Յունուար 9-ին կայացաւ գերմանացի գրող եւ իրաւապաշտպան Արմին Վէգների` Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն կատարած լուսանկարներու ցուցահանդէսի պաշտօնական բացման արարողութիւնը: Ինչպէս ը տեղեկացնէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնը, ցուցահանդէսի բացման արարողութեան ներկայ էին Վենետիկի հասարակական եւ քաղաքական շրջանակներու, հիւպատոսական անձնակազմի, հայ եւ հրէական համայնքներու ներկայացուցիչներ:

Ցուցահանդէսը, որ կը կրէ «Արմին Թ.Վէգներ. իրաւունք հայերու եւ հրէաներու համար» խորագիրը, Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ Իտալիոյ մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեամբ կազմակերպած էին Վենետիկի «Մարչիանա» ազգային գրադարանը եւ Միլանի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոսութիւնը` համագործակցութեամբ գերմանական «Marbach» գրական արխիւային կեդրոնի, Հայկական մշակոյթի ուսումնասիրութեան կեդրոնի եւ Վենետիկի հրէական համայնքի ու Իտալիոյ հայերու միութեան հետ:

Ցուցահանդէսին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Սարգիս Ղազարեանը, Վենետիկի «Մարչիանա» ազգային գրադարանի տնօրէն Մաուրիցիo Մեսսինան, Միլանի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Փիետրօ Քուչուկեանը:

Դեսպան Ղազարեան իր խօսքին մէջ կարեւորեց Ցեղասպանութեան մասին յիշողութեան պահպանումը, ժխտողականութեան դէմ պայքարը եւ ցեղասպանութեան կանխարգելումը` անհրաժեշտ համարելով այդ նպատակով կրթական ծրագիրներու իրականացումը: Դեսպանը ընդգծեց, որ ժխտողականութիւնը ցեղասպանութեան շարունակութիւն է եւ նշեց, որ ժխտողականութիւնը եւ այլատեացութիւնը ցեղասպանութեան բաղադրիչներ են` ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրելով Ատրպէյճանի մէջ իրականացուող հայատեաց քաղաքականութեան վրայ:

Օրուան բանախօսներն էին «GARIWO» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Գաբրիէլէ Նիսսիմը, Վենետիկի հրէական համայնքի ղեկավար Փաոլօ Նաւարա Տինան եւ ցուցահանդէսի համակարգող Աննա Մարիա Սամուէլին:

Բանախօսները իրենց ելոյթներով կարեւորեցին ցեղասպանութեան եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարի անհրաժեշտութիւնը: Վենետիկի հրէական համայնքի ղեկավար Փաոլօ Նաւարա Տինան մասնաւորապէս նշեց, որ հայերն ու հրէաները այլատեացութեան եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարի նոյն ճակատին վրայ են:

Միջոցառումը լայնօրէն լուսաբանուեց տեղական զանգուածային լրատուամիջոցներուն կողմէ: Վենետիկի մէջ ցուցահանդէսի բացումով տրուեցաւ Իտալիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի 100֊ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու մեկնարկը: