Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Յայտնի թուրք լրագրող եւ գրող Չենկիզ Աքթար թրքական «Թարաֆ» եւ անգլիատառ «Թուդէյզ Զաման» օրաթերթերուն մէջ լոյս տեսած «Մուտք Գործելով 2015 Թուական» յօդուածին մէջ անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին կը գրէ.

«Ով գիտէ, թերեւս այն, որ չարը մեզ կը հետապնդէ, անվերջանալի զանգուածային սպանութիւնները եւ չարչարանքներէն ապաքինելու մեր անկարողութիւնը պայմանաւորուած է դարաւոր անէծքով ու սուտով: Դուք ի՞նչ կը կարծէք: Թերեւս ասիկա հայերու երեխաներու, կանանց ու տղամարդոց, առանց դագաղներու մահացած ժողովուրդի անէծքն է: Չի բացառուիր, որ մեր հոգիի փոթորիկներուն պատճառը ճիշդ այս է, ճիշդ այն տարաբախտ քաղաքացիները, որոնց շարքին էին նաեւ յոյները, ասորիները, ալեւիներն ու քիւրտերը:

Թերեւս ջարդերը, զորս հաշուի չեն առներ, սկսած 1915 թուականէն, եւ այն «գինը», որ այդպէս ալ մնաց չվճարուած, այժմ կը վճարուի զայն իրականացնողներու թոռներուն կողմէ՝ տարբեր ճամբաներով: Գողցուած կեանքերը, թալանուած տուները, ոչնչացուած եկեղեցիները, բռնագրաւուած դպրոցներն ու շորթուած սեփականութիւնները… «Արդեօք Աստուած կրնա՞յ ստիպել քեզի վճարել այդ բոլորի համար: Եւ արդեօք մենք կը վճարե՞նք մինչեւ օրս կատարուած բոլոր անարդարութիւններուն համար»:

Հակառակ դարաւոր անէծքին՝ 2015 թուականին բանավէճ պիտի ըլլայ. «Արդեօք ատիկա ցեղասպանութի՞ւն էր», հարցում մը, որուն պատասխանը տակաւին չէ տրուած: Մենք պիտի տեսնենք, թէ ինչպէս պետութեան վարձկանները հսկայական ջանքեր կը գործադրեն ամօթը ծածկելու եւ ատոր հետ առերեսուելու ուղղուած բոլոր քայլերը յետաձգելու համար: Եթէ անոնք կարելիութիւն ունենային, պարզապէս պիտի խուսափէին 2015 թուականէն: Պիտի կազմակերպուին հանդիպումներ, գիտաժողովներ, քննարկումներ, որոնց մէջ պիտի յայտարարենք, որ հայերը մեզ սպաննած են, եւ այդպէս պիտի շարունակենք պարել սեփական մեղեդիի վրայ:

«Որքա՞ն ժամանակ պէտք է անէծքը իր գործը կատարէ մինչեւ մենք մեզի հարցնենք՝

– Հաշուի նստի՞լ ազգը արեան միջոցով շէնացնելու մեր քայլերուն հետ,

– Իմանա՞լ եւ յիշե՞լ, թէ ինչպէս անվնաս, աշխատասէր, արդիւնաւէտ, տաղանդաւոր ու խաղաղասէր ժողովուրդը ոչնչացուեցաւ Փոքր Ասիոյ մէջ եւ ցաւակցի՞լ անոնց թոռներուն,

– Զգա՞լ այն բարբարոսութեան իմաստը, որ հայ ժողովուրդին ստիպեց գոռալ՝ «Ո՞ւր էիր, Աստուած» 1915 թուականի ամառը, որ մռայլ ու ցուրտ էր, ինչպէս մահը,

– Գիտակցի՞լ, որ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին մէջ բնակող միլիոնաւոր հայերը այսօր չկան: Մնացած հայերու մէկ մասը ստիպուած էր թաքցնելու իր ինքնութիւնը կամ ալ ընդունելու իսլամութիւնը: Արդեօք պէ՞տք է «Ատիկա ցեղասպանութի՞ւն էր, թէ ո»չ կամ «Ո՞վ որու սպաննեց» հարցումներուն պատասխանելու ընթացքին փորձենք անկեղծ ըլլալ ու լսել մեր խիղճին,

– Գիտակցի՞լ, որ Թուրքիոյ մեծագոյն կորսուտը եղած է սպանդը ոչ իսլամ ժողովուրդներու, որոնք այլեւս չկան այս երկրին մէջ:

Շատ են այն հարցումները, զորս պիտի տանք մենք մեզի:

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը Փոքր Ասիոյ մեծագոյն ողբերգութիւնն է: Անէծքը պիտի շարունակէ իր գործը ընել, եւ ատիկա կրնանք կանգնեցնել միայն այն ժամանակ, երբ սկսինք խօսելու այդ մասին, ընդունինք իրողութիւնը, հասկնանք ու հաշուի նստինք կատարուածին հետ», կը գրէ Աքթար: