Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Յունուար 17-ին, Հոլանդիայի Ռոթերդամ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ ժողով մը, այսպէս կոչուած՝ «Թուրքերու դէմ ցեղասպանութիւններու ուսումնասիրութեան հիմնարկ»-ի ղեկավար Սեֆա Եուրուքելի ղեկավարութեամբ, կը հաղորդէ թրքական «Սօնհաբեր» կայքը:
Եուրուքել մամլոյ հաղորդագրութիւն տարածած է եւ բոլորը հրաւիրած է մասնակցելու բաց ժողովին, ուր Ցեղասպանութիւնը հերքելու փորձեր պիտի կատարուին:
Ժողովին կազմակերպման կը մասնակցի նաեւ Հոլանդիայի թուրքերու խորհուրդը:
Նշենք, որ Հոլանդիայի խորհրդարանը Հայկոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչած է 2004-ին: