Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող խորհուրդի քարտուղար, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի տնօրէն Հայկ Դեմոյան համաձայն է, որ թէ՛ սփիւռքի, եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ շատերը իրենց հարց կու տան. իսկ ի՞նչ պիտի ըլլայ 100-ամեայ տարելիցէն ետք։ Անոր համաձայն, թուրքերը նոյնպէս անոր կը սպասեն, որ ալիքը կու գայ, կանցնի։ Դեմոյեան Tert.am-ին տուած հարցազրոյցին այս հարցին անդրադառնալով ըսած է,-

Բազմիցս նշած ենք, որ 2015թ-ին պէտք չէ տրամադրուիլ, որ սահմանագիծ եղաւ ու վերջացաւ։ Ես հանգիստ կրնամ խօսիլ 2016թ-ի մեր ձեռնարկներու մասին, բայց, բնականաբար, կայ տիրապետող այդպիսի տրամադրութիւն, թէ՛ սփիւռքի մէջ, թէ՛ այստեղ, որ լաւ՝ եկաւ, գնաց, իսկ յետո՞յ։ Իրականութեան մէջ թուրքերն ալ անոր կը սպասեն եւ չեն ալ թաքցներ։

Տեսէ՛ք Էթիեն Մահչուփեանի (Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Դաւութօղլուի հայ խորհրդական -Tert.am) վերջին յայտարարութիւնը, կ'ըսէ, երբ 2015-էն ետք կը հանդարտի, նոր այդ ժամանակ կը խօսինք սահմանի բացման ու մնացած այլ հարցերու մասին։ Այսինքն՝ իրենք կը սպասեն ալիքը կու գայ, կ'անցնի, կը թուլանայ, որմէ ետք իրենք քայլերու կը դիմեն։ Պէտք է ձերբազատիլ այդ բարդոյթէն, որ 2015-ին կու գայ ինչ-որ բան ու կը վերջանայ, պէտք է տրամադրուիլ, որ 100-րդ տարելիցը վերջը չէ, որ ինչ-որ բան ըլլայ կամ չըլլայ։

Բայց այստեղ ալ կայ այլ խնդիր մը. Ցեղասպանութեան թեմայով կը խօսին գրեթէ բոլորը, որ հաւանաբար կը տանի տրամաբանական արդիւնքի, բայց խօսելէն ետք պէտք է գործի անցնիլ, այդ գործի անցնիլը պէտք չէ ըլլայ միայն անընդհատ թմբկահարելը, լուրջ աշխատանք պէտք է իրականացուի եւ ժամանակի ընթացքին այդ աշխատանքը արդիւնքներ պէտք է տայ։ Բայց, ցաւօք սրտի, հիմա մէկ թանգարանով 100-ամեակ կը դիմաւորենք, կը հասկնա՞ք այդ մէկը ինչ կը նշանակէ, այնինչ աշխարհի խոշոր կեդրոններու մէջ պէտք է ունենայինք գոնէ 5-6 թանգարան, որոնք կարենային գործիք դառնալ։

Նման թանգարանները մշակութային օճախ չեն, անոք գործիք են, որպէսզի կարենանք կրթադաստիարակչական գործի մէջ տեղեկութիւն տալ տուեալ վայրերու մէջ, մինչդեռ մենք կը խօսինք մէկօրեայ քայլաշրաւի, ցոյցերու եւ այլնի մասին։ Օրինակ՝ ինչքանով ես տեղեակ եմ Նիւ Եորքի մէջ կ'’իրականացուի քայլարշաւ ցոյցի համար, ժողովի կամ չեմ գիտեր ինչպէս ըսեմ՝ դասախօսութեան համար շուրջ մէկ միլիոն տոլար է անհրաժեշտ, իսկ անիկա բաւական մեծ գումար է, կը տեսնէ՞ք ինչ համակցութիւններ կան։ Սա պէտք է ճշտել, ինչի՞ համար աշխատանք կ’իրականացնենք, ո՞ւր կ’ուղղենք միջոցները, այդ միջոցները ո՞ւր արդիւնք կու տան։