Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Թուրքիոյ նախագահական ընտրութեան գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեանց ներկայացւած միացեալ թեկնածու՝ Էքմելետդին Իհսանօղլուն, Հինգշաբթի՝ Յուլիս 10-ին, լրագրողների հետ հանդիպման ընթացքին պատասխանել է Հայկական Ցեղասպանութեան մասին «Թարաֆ» թերթի հայազգի սիւնակագիր Հայկօ Բաղդատի հարցումին:
«Դուք միջազգային հարթակներու վրայ պաշտօններ ստանձնած անձ էք եւ Թուրքիոյ նախագահ ըլլալու պարագային՝ ձեր օրակարգին վրայ պիտի դիմակայէք Թուրքիոյ ամենակարեւոր հարցերէն մէկը՝ 1915 թուականի դէպքերու (Հայկական Ցեղասպանութեան, «Ակունք»ի Խմբ.) 100ամեակը։ Այս հարցը օրակարգային պիտի ըլլայ միջազգային հարթակներու վրայ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ ներքաղաքական կեանքին մէջ: Դուք միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն ինչպէ՞ս կը գնահատէք 1915 թուականի դէպքերը: Ի՞նչ կ՛ըսէք հրապարակուած ցաւակցական ուղերձին մասին», հարցրել է Բաղդատը:
«1915 թուականին պատահած ցաւալի դէպքերը մեզ միշտ վշտացուցած են եւ պիտի շարունակեն վշտացնել: Ես շատ լաւ կը յիշեմ, երբ 1970ականներուն, իբրեւ համալսարանի դասախօսական կազմի երիտասարդ անդամ, կը մասնակցէի մշակոյթի նախարարութեան միջոցառումներուն եւ սերտ կապեր ունէի արտաքին գործոց նախարարութեան հետ: Այս երկու նախարարութիւններու միջոցառումներուն մասնակից ըլլալով՝ նաեւ հարցին էութեան ծանօթ եմ: Կառավարութեան ցաւակցական ուղերձը ճիշդ եւ տեղին էր: Թուրքիա այս հարցը պէտք է լուծէ համբերատարութեամբ, սառնասրտութեամբ՝ օգտագործելով դիւանագիտութեան եւ գիտութեան բոլոր ճամբաները: Այս պահուն աւելին չեմ ուզեր ըսել», պատասխանել է Իհսանօղլուն: