Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Հայկական առաջին նամականիշի 100-ամեակին նւիրւած նամականիշներու ցուցահանդէսի ծիրին մէջ Նոյեմբեր 11-ին «Հայփոստ» ընկերութիւնը շրջանառութեան մէջ դրաւ «Հայոց պատմութիւն. Հայաստանի առաջին նամականիշի 100-ամեակ» թեմայով նամականիշը:
«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի ազգային ճարտարագիտական համալսարանին մէջ՝ հովանաւորութեամբ «Հայփոստ»-ի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Հայկ Աւագեանի, ՀՀ բարձր արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան փոխնախարար Արմէն Աբրոյեանի, Հայաստանի դրոշմանիշներու միութեան նախագահ Յովիկ Մուսայէլեանի:
Մուսայէլեան ըսաւ, որ ցուցահանդէսին ներկայացւած են տարբեր թեմատիկ հաւաքածուներ: «Ազգային դրոշմանիշներու միջոցով կարելի է ծանօթանալ ազգի ինքնութեանը, պատմութեանն ու մշակոյթին: Բաւական է թերթել ամենամեայ ազգային դրոշմանիշներու հաւաքածոները եւ պատկերացում կազմել երկրին մէջ տեղի ունեցած բոլոր կարեւոր իրադարձութիւններու մասին»,- շեշտեց ան:
Մուսայէլեանի խօսքով` նամականիշը կը համարւի պետութեան խորհրդանիշ: Հայկական նամականիշներու մէկդարեայ պատմութեան ընթացքին անոնցմէ շատերը մրցանակներու եւ մետալներու արժանացած են միջազգային ցուցահանդէսներու մէջ` բարձր պահելով ազգային նամականիշներու հեղինակութիւնը:
«Հայոց պատմութիւն. Հայաստանի առաջին նամականիշի 100-ամեակ» թեմայով նամականիշի վրայ պատկերուած է ցարական Ռուսաստանի 1 կոպեկ անուանագինով նոյնատիպ դրոշմանիշը, որ 1919-ին Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան համար ծառայած է որպէս առաջին նամականիշ: Նամականիշին վրայ կատարուած է «K. 60. K» յաւելատիպը:
Նամականիշի վրայ կարելի է տեսնել նաեւ այդ տարիներուն նամակատան մէջ օգտագործւած կնիք, ինչպէս նաեւ «Հայաստանի ԱՌԱՋԻՆ Նամականիշ» եւ «100 ամեակ» գրառումները` հայերէն ու անգլերէն:
230 ՀՀ դրամ անւանական արժէքով նամականիշը տպագրւած է Ֆրանսայի «Cartor» տպագրատան մէջ` 40.000 տպաքանակով: Նամականիշի հեղինակն է «Հայփոստ»-ի ձեւաւորող Դաւիթ Դովլաթեան: