Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Հայերու կողմէ ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու դիմումներու քննարկման ժամկէտը 6 ամսուան փոխարէն պիտի սահմանուի 3 ամիս։ «ՀՀ քաղաքացիութեան մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքին նախագիծը ներկայացուած է e-draft համակարգով:
Օրինագիծի ընդունման իբրեւ արդիւնք պիտի ապահովուի ՀՀ Սահմանադրութեամբ ամրագրուած՝ հայերու պարզեցուած կարգով ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու իրաւունքի լիարժէք իրացումը։ Նշուած է նախագիծի հիմնաւորման մէջ:
Նաեւ կը նշուի, որ ՀՀ քաղաքացիութիւն ստացած անձերը իրաւունք պիտի ունենան առաջին անգամ ՀՀ քաղաքացիի անձնագիրով փաստաթղթաւորուիլ ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր մարմին, այնպէս ալ օտարերկրեայ պետութիւններու մէջ գործող դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններ եւ հիւպատոսական հիմնարկներ դիմելու պարագային։
Միաժամանակ, անձի քաղաքացիութիւնը դադրեցնելու դիմումի մերժման հիմքերը պիտի համապատասխանեցուին ՀՀ Սահմանադրութեան 47-րդ յօդուածի 7-րդ մասի պահանջին։