Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
«Կիլիկիա. Առիւծներու երկիր» երեք պատմական ֆիլմ-ակնարկները, որոնք ամփոփ, գեղարուեստական մօտեցումով հանդիսատեսին հաղորդակից կը դարձնեն Կիլիկիոյ հզօրագոյն թագաւորական հարստութիւններու երեքհարիւրամեայ պատմութեան, ցուցադրուեցաւ Երեւանի մէջ։ Ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 12-ին «Կինօ փարք» շարժանկարի ցուցասրահին մէջ: Ցուցադրութեան ներկայ եղաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Մինչեւ Հայաստանի մէջ ցուցադրուիլը ֆիլմը ներկայացուած էր Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ: Ցուցադրութեան ու քննարկման ներկայ եղած են Լիբանանի կառավարութեան անդամներ, պատգամաւորներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ, մշակոյթի գործիչներ:
Շարժանկարի նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչուած է «Գոհար» սիմֆոնիկ նուագախումբի եւ երգչախումբի հիմնադիր` Խաչատուրեան ընտանիքին, մասնաւորապէս, լիբանանահայ բարերար Յարութ Խաչատուրեանի աջակցութեամբ:
Նպատակ ունենալով ամբողջ աշխարհի մէջ տարածել եւ սերունդներուն հասանելի դարձնել հայկական երաժշտութիւնն ու մշակոյթը` «Գոհար»-ը այս անգամ ֆիլմի միջոցով կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի պատմական փառահեղ էջերէն մէկը` Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութիւնը:
Կիլիկիոյ դրօշները, որոնք բազմիցս ծածանած են «Գոհար»-ի համերգներու ժամանակ բազմահազար հանդիսատեսի կողմէ, այժմ պիտի ծածանին պաստառէն այն կողմ` պատմական հերոսներու ձեռքով:
Երեք ֆիլմ-ակնարկները` ամփոփ գեղարուեստական մօտեցումով, հանդիսատեսին հաղորդակից կը դարձնեն Կիլիկիոյ հզօրագոյն թագաւորական ընտանիքներու երեքդարեայ պատմութեան: Հարկ է նշել, որ ֆիլմ-ակնարկները նկարահանուած են հայաստանեան «Տոմինօ Փրոտաքշըն» ընկերութեան կողմէ ` Հայաստանի մէջ: ֆիլմին բեմադրիչն է Աշոտ Առաքէլեանը: