Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Հայաստանի Հանրապետութիւն 2019-ի առաջին կիսամեակում, ընդհանուր առմամբ, այցելած է 1 միլիոն 679 հազար անձ, եւ որոնցմէ 770 հազարը եղած է զբօսաշրջիկ:
«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` լրագրողներուն այս մասին ըսած է ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան կոմիտէի նախագահ Սուսաննա Սաֆարեանը:
«Ընդհանուր առմամբ 2018 թուականի նոյն ժամանակահատուածի համեմատ այցելութիւններու թիւը աճած է 12.3 տոկոսով: Զբօսաշրջային այցելութիւնները աճած են 12.1 տոկոսով:
2018 թուականին Հայաստան ժամանած է 3.7 մլն անձ, որոնցմէ 1.5 միլիոնը զբօսաշրջիկներ եղած են:
Այն անձիք, որոնք ՀՀ քաղաքացի չեն, կը դիտուին որպէս զբօսաշրջիկներ: Հիմնականօրէն մեր երկիր կ՛այցելեն հարեւան եւ հայկական մեծ համայնքներ ունեցող երկիրներէ` Ռուսիայէն, Վրաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Իրանէն, Գերմանիայէն եւ այլ երկիրներէ»,- նշած է Սաֆարեանը:
Անոր խօսքով` կ՛աշխատին, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ եւրոպական երկիրներէն աւելի շատ զբօսաշրջիկ ներգրաւել դէպի Հայաստան: