Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Երեւանի մէջ պիտի կառուցուի 270 մեթր բարձրութեամբ 71 յարկանի շէնք մը, որ անմոռուկի տեսք պիտի ունենայ: Շէնքին շինարարութեան նախաձեռնողը հայկական «Լաուրա Ինվեսթմընթ» ընկերութիւնն է: Վերջինիս տնօրէնին՝ Մերի Մկրտչեանի համաձայն՝ շէնքը բազմատեսակ գործածութեան յատկացուած պիտի ըլլայ, անոր շրջակայքը պիտի պատուի ծիրանի այգի, նաեւ խաղահրապարակներ եւ հանգիստի գօտի՝ շուրջ 200 հեկտար։ Այս մասին կը հաղորդէ PanArmenian.net-ը։
«Անմոռուկ» համալիրի նախագիծը մշակուած է արաբական «Պայնունա» ընկերութեան հետ համագործակցաբար։ Երկու ընկերութիւններուն ներկայացուցիչները կը հաստատեն, որ շէնքը օժտուած պիտի ըլլայ ապահովական եւ հանգստաւէտութեան բոլոր միջոցներով։
«Եթէ աշխարհում կան նմանատիպ շինութիւններ, ապա ինչու նոր որակ չմտցնենք Հայաստանի հանրապետութիւնում: Այստեղ կը լինի մօտ 2500 աշխատատեղ, իսկ շինարարութեան ընթացքում մօտ 1300 աշխատատեղ», նշեց Մերի Մկրտչեան:
Ըստ անոր՝ գաղափարը ամբողջութեամբ հայկական է, ճարտարապետը՝ հայ: Վերջինիս անունը, սակայն, ընկերութեան տնօրէնը նախընտրեց առ այժմ գաղտնի պահել:
«Լաուրա Ինվեսթմընթ» ընկերութեան տնօրէնին համաձայն՝ շէնքին գաղափարը մշակած են շուրջ 2 տարի առաջ, 2 տարի ալ պիտի տեւէ նախագծային աշխատանքը, որմէ ետք շինարարական աշխատանքները պիտի տեւեն շուրջ 5 տարի:
Ընկերութիւնները ստորագրեցին յուշագիր մը՝ հետագայ գործակցութեան եւ հայ-արաբական գործարար կապերու ամրապնդման համար: