Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ CW պատկերասփիւռի կայանը անտեսեց հայկական պարախումբի մը ելոյթը չցուցադրելու Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւններուն պահանջները, որոնք կատարուած էին պարզապէս անոր համար, որ ելոյթին ընթացքին Արցախի դրօշակներ եւս ծածանած են։
Նշենք, որ ելոյթը մաս կը կազմէր Հոլիվուտի Ս. Ծննդեան աւանդական տողանցքին, որուն այս տարուան առաջնորդներուն մէջ կային Տին Քէյն, Մանթել Ուիլիըըմզ եւ Լորա ՄըքՔենզի, որոնք վերջերս հայանպաստ վաւերագրական ֆիլմեր պատրաստած էին։ Նաեւ, հայկական արմատներ ունեցող Տէյվիտ ՄըքՔենզի սփռումին գլխաւոր պատասխանատուն էր եւ մղիչ ուժերէն մէկը Ցեղասպանութեան եւ Արցախի տագնապին նուիրուած ու Քինի եւ Ուիլիըմզի արտադրած՝ «Ուրացման Ճարտարապետներ» («Architects of Denial») վաւերագրական ֆիլմին։
Այս տարի 25 Նոյեմբերին տեղի ունեցած աւանդական տողանցքին կը հետեւէին հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներ, իսկ անոր պատկերասփռումը, որ տեղի ունեցաւ 14 Դեկտեմբերին, կը հասնի միլիոններու։
Տողանցքէն անմիջապէս ետք, Լոս Անճելըսի մօտ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոս Ճան Էօքիւզ եւ անոր ատրպէյճանցի պաշտօնակից Նասիմի Աքայեւ պահանջեցին, որ կայանը սփռումէն հանէ հայկական հատուածը, որովհետեւ անոր մէջ հայկական պարախումբէն բացի, կային մասնակիցներ, որոնք հանդէս կու գային Արցախի պատկերները կրող շապիկներով եւ Արցախի դրօշակներով, ու պնդելով, որ անոնց սփռումին արտօնութիւն տալը համազօր պիտի ըլլայ «ահաբեկչութեան աջակցութեան»։
Սակայն, կայանը փոփոխութիւն չկատարեց սփռումին ընթացքին եւ տողանցքի հայկական բաժինը նոյնութեամբ սփռեց 14 Դեկտեմբերին։