Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Հայ Օգնութեան Միութիւնը, հաւատարիմ իր բարեսիրական առաքելութեան, 2001 թուականին հիմնեց Ջաւախք Հիմնադրամի յանձնախումբը՝ ընդառաջելով Ջաւախքահայութեան օգնութեան կանչին, բարելաւելու անոնց ծանր տնտեսական եւ ընկերային իրավիճակը եւ մանաւանդ կասեցնելու Հայաստանի եւ տեղւոյն Հայութեան համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող վտանգը՝ արտագաղթը:
Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, Ջաւախքի փոքրամասնութիւններուն իրաւասութիւնները ճնշուեցան: Վրացական ազգայնամոլ իշխանութիւնները յայտարարեցին՝ «Վրաստանը վրացիներուն» կարգախօսը, անտեսելով այլ ազգի փոքրամասնութիւնները, արհեստական խոչընդոտներ յառաջացնելով: Օրինակ, Խորհրդային Միութեան տարիներուն, Ջաւախքի նոյնիսկ պետական մարմիններու մէջ, ընդունուած լեզուները, ռուսերէնն ու հայերէնն էին: Վրաստանի անկախացումէն ետք, պետական պարտադիր ընդունելի լեզուն վրացերէնն էր, Ջաւախքահայութիւնը, որ Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանին, խօսած եւ գործած էր հայերէն եւ ռուսերէն լեզուներով, ինքնաբերաբար դուրս մնաց պետական կառոյցներէ, տարբեր հաստատութիւններէ եւ առողջապահական կեդրոններէ: Ջաւախքի դպրոցներէն հայ տնօրէններ եւ ուսուցիչներ հեռացուեցան, միաժամանակ հայկական դպրոցները վրացականացուեցան:
Ընկերային-տնտեսական ծանր պայմաններն ալ պատճառ դարձան, որպէսզի Ջաւախքի հայ բնակչութեան գրեթէ կէսը արտագաղթէ: Այս մասին խօսուն է հայաբնակ Կարծախ գիւղի տխուր կացութիւնը: Խորհրդային Միութեան շրջանին, Կարծախի մէջ կը բնակէին շուրջ ութը հազար հայեր եւ սա այն գիւղն էր, որը բաւական գործօն էր մշակութային եւ հասարակական առումով: Այսօր Կարծախի մէջ կը բնակի 1000 հայ:
Գործազրկութեան բարձր մակարդակը, հոգեւոր եւ կրօնական ազատութեան կաշկանդումը, շրջաններու մէջ առողջապահութեան միջոցներէն օգտուելու դժուարութիւնները, Վրացական իշխանութիւններու անտարբերութիւնը եւ ամէնէն վտանգաւորը՝ թուրք-ատրպեճանական ներկայութիւնը՝ Ջաւախքը մատնեցին ծանր կացութեան, որուն արձագանգեց ՀՕՄ-ի Ջաւախք Հիմնադրամը:
Ջաւախքի յանձնախումբը հաստատեց մնայուն եւ շարունակական ծրագիրներ՝ երիտասարդական, կրթական, առողջապահական, ընկերային եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ, որոնց յաջողութիւնը կը պարտինք գաղութիս նուիրատուներուն, հովանաւորներուն եւ ՀՕՄ-ի նուիրեալ ընկերուհիներուն:
Ամէն տարի յանձնախումբը, Մարտ ամիսը կը յայտարարէ որպէս, «Ջաւախքի ամիս» որուն ընթացքին տեղի կ՛ունենան դասախօսական ձեռնարկներ, որոնց կը հրաւիրուին տեղական եւ հայրենի մտաւորականներ եւ գործիչներ ինչպէս՝ Պատմաբան, Ակադեմիկոս, Ջաւախքէն՝ փրոֆէսոր Աշոտ Մելքոնեան, Կլէնտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան, Գապայեան Ազգ. վարժարանի տնօրէն՝ Ժան Գոսաքեան, նաեւ յանձնախումբի անդամներ:
Յանձնախումբի քարոզչական աշխատանքներուն մաս կազմած է Ջաւախքի հիմնահարցը ներկայացնող յօդուածներ, գրքոյկներ, մանկական երկլեզու գիրքեր, յատուկ պաստառներ, որոնց վրայ գրուած է «Ջաւախքին զօրակցիլը մեր պարտականութիւնն է» լոզունքը, տեղադրուած են գաղութիս հայկական վարժարաններուն մէջ, անոնց վրայ աշակերտները իրենց անունները կը ստորագրեն զօրակցելով Ջաւախքահայութեան: Յանձնախումբի անդամները ելոյթ կ՛ունենան հայկական պատկերասփիւռներէն ներկայացնելու իրենց ծրագիրները եւ աջակցութեան կո՛չ ուղելու համայնքին:
Մեր գաղութի աշակերտութիւնը Ջաւախքցի իր հասակակիցներուն ծանօթացնելու եւ անոնց մէջ ազգային պարտականութեան գիտակցութիւնը զարգացնելու հեռանկարով, ստեղծած է աշակերտական գանձանակներու դրութիւնը, որուն կը մասնակցին ՀՕՄ-ի եւ հայկական վարժարաններու աշակերտութիւնը:
Յանձնախումբին ամէնէն կարեւոր ծրագիրը, Ջաւախքի Երիտասարդական կեդրոններու կառուցումը եւ հովանաւորութիւնն է, որովհետեւ կը գիտակցի, թէ գոյատեւումը կախեալ է իր երիտասարդութենէն, որուն համախմբումը կարեւոր է ռազմավարական ի-մաստով:
Այս իրողութենէն մեկնած, յանձնախումբի հանգանակային ջանքերով , 2006 , 2007 եւ ապա 2010 թուականներուն, բացումը կատարուեցաւ Ախալցխայի, Ախալքալաքի եւ Նինոցմինտայի երիտասարդական կեդրոններուն: Վերջերս Ախալքալաքի կեդրոնին կից հողաշերտ մը գնուեցաւ զայն խաղավայրի վերածելով: Այս արդիական սարքաւորումներով օժտուած կեդրոնները կարեւոր կռուաններ են շրջանի հայութեան եւ անոնց զաւակներուն: Երիտասարդները եւ պատանիները ամէնօրեայ դրութեամբ կը յաճախեն մեր երեք կեդրոնները, սորվելով հայերէն լեզու, հայոց պատմութիւն եւ մշակոյթ, ազգային երգեր, անգլերէն, ռուսերէն, վրացերէն լեզու, կարարուեստ ինչպէս նաեւ համակարգիչի ուսուցում եւ համացանցի միջոցներով կ՛առնչուին արտաքին աշխարհին հետ:
Յանձնախումբը վերջին տարիներուն բարձր կը գնահատէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կողմէ կազմակերպուող «Ջաւախքի ճամբար» ծրագիրը, իր հովանաւորութիւնը կը բերէ, որուն կը մասնակցին շուրջ 50 ամերիկահայ խորհրդատուներ եւ մօտաւորապէս 500 ջաւախքահայ պատանիներ, որոնք ամարուան իրենց արձակուրդը կ՛անցընեն այս ճամբարներուն մէջ:
Յանձնախումբի հիմնական ծրագիրը այսօր Ախալցխայի կեդրոնի անմիջական վերանորոգումն ու անոր կից նոր կեդրոնի կառուցումն է, որուն նիւթական հովանաւորութիւնը ստանձնած է Ջաւախք յանձնախումբի երկար տարիներու ատենապետուհի՝ Հայկուշ Քեղինեան Քոհլըր:
Վերջապէս յանձնախումբը կը հաւատայ, թէ Ջաւախքահայութիւնը համայն հայութեան օգնութեան կարիքը ունի, որպէսզի հզօրանայ եւ կառչած մնայ իր պապենական հողին, որովհետեւ Ջաւախքի գոյութիւնը հրամայական է Հայաստանի հզօրացման: