Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Հայաստան զարգացման բարձր մակարդակով երկիրներու ցանկին մէջ է: Այդ մասին ըսուած է մարդկային ներուժի զարգացման վերաբերեալ ՄԱԿ Զարգացման ծրագրի զեկոյցին մէջ:
Հայաստան 0.755 ցուցանիշով կը զբաղեցնէ 83-րդ տեղը` կիսելով այն Թայլանտի հետ:
Հիմնական ցուցանիշները, որոնցմով որոշուած է երկրի վարկանիշը, են կեանքի ակնկալուող տեւողութիւնը, ուսուցման տեւողութիւնը եւ ՀՆԱ ցուցանիշը մէկ շունչի հաշուարկով: Հաշուի առնուած են նաեւ ընկերային պաշտպանուածութեան մակարդակը, առողջութեան եւ մշակութային զարգացման, սեռերու հաւասարութեան, յանցաւորութեան, շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան, որոշումներու կայացման քաղաքացիներու մասնակցութեան ցուցանիշները:
Կը նշուի, որ Հայաստանի մէջ կեանքի ակնկալուող տեւողութիւնը 74,8 տարի է, ուսուցման ակնկալուող տեւողութիւնը` 13 տարի, իսկ միջին տեւողութիւնը` 11,7 տարի, ՀՆԱ-ն 1 շունչի հաշուարկով կը կազմէ` 9,1444 տոլար:
Զարգացման բարձր մակարդակով երկիրներու շարքին են նաեւ յետխորհրդային որոշ այլ երկիրներ` Վրաստանը (70-րդ տեղ), Ատրպէյճանը (80-րդ տեղ), Ուքրանիան (88-րդ տեղ), Ուզպեքիստանը (105-րդ տեղ), Թուրքմէնստանը (108-րդ տեղ):
Մարդկային զարգացման ամենաբարձր մակարդակով երկիրներն են Նորվեգիան, Զուիցերիան, Աւստրալիան, Իռլանտան եւ Գերմանիան: 2018-ին մարդկային զարգացման շատ բարձր մակարդակով երկիրներու շարքին 59 երկիր ընդգրկուած է, որոնց մէջ Միացեալ Նահանգները, որ 13-րդն է: Ռուսիան` 49-րդն է, Պելառուսիան` 53-րդը եւ Ղազախստանը` 58-րդը:
2012-17 թուականներու վարկանիշի ամենամեծ բարելաւումը տեղի ունեցած է Իռլանտայի մէջ, որ առաջ անցած է 13 կէտով, արագ զարգացած են նաեւ Թուրքիան, Տոմինիքեան Հանրապետութիւնն ու Պոթսուանան:
Մոլտովան եւ Տաճիկստանը միջին զարգացման մակարդակով երկիրներու շարքին են:
Նիժերիան, ԿԱՀ-ը, Հարաւային Սուտանը, Չատը ու Պուրունտին վարկանիշի վերջին տեղերն են` 38 նուազ զարգացած երկիրներու ցանկին մէջ: Զեկոյցի հեղինակները կը մատնանշեն հակամարտող երկիրներու մէջ բարեկեցութեան կտրուկ անկումը` Սուրիան նահանջած է 27 հորիզոնականով եւ այժմ 155-րդ տեղն է, Լիպիան, նահանջելով 25 հորիզոնականով, 108-րդն է, իսկ Եմենը, նահանջելով 20 հորիզոնականով, 178-րդ: